2010-11-13 12:32:00

«ԽՈԿԱՄ» Գրքոյկը, Հեղինակ՝ Գերյարգելի Հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեան։


Լոյս տեսաւ Մասիս պարբերականի պատասխանատու Գերյ. Հ. Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանին «ԽՈԿԱՄ» գրքոյկը։
Յառաջաբանը գրած է Պրն. Սարգիս Նաճարեան որուն մէջ կ'ըսէ.«հարց կու տամ թէ ''Խոհերու այս գրքոյկը'' ի՞նչ կրնայ աւելցնել գրող, հրապարագիր, խմբագիր, գրաբարագէտ, թատերագիր, բառարանագէտ, ծիսագէտ, վերլուծաբան, մասնագէտ, դասատու եւ այլ արժանիքներով օժտուած հեղինակին արժանիքին վրայ եթէ ոչ՝ վկայութիւն մը, ըստ որուն՝ «կան մարդկային արժէքներ, որոնք անկախ են մարդուն տարիքէն, ինչպէս հանճարը, որ տարիք չի ճանչնար։ Բայց կան արժէքներ, որոնք ձեռք կը բերուին մարդուն տարիքին հետ, ինչպէս է փորձառութիւնը։ Այս պատճառով՝ մեր մէջ երիտասարդ ծերեր կան, ինչպէս նաեւ ծեր երիտասարդներ կան»։
     Իսկ հեղինակը՝ Հայր Անդրանիկ, կը պատասխանէ ըսելով.« ինծի համար կարեւորը այն է որ այս գրքոյկը, ինչպէս  կ'ըսեն՝ «լոյս տեսաւ», քանի որ լինելը՝ նախընտրելի է չըլինելուն, լոյսը՝ խաւարին։ Թող մնայ լոյսերուն մէջ եւ լոյս սփռէ փնտռողին….. զայն ընթերցողին։
     Ով  գրքոյկ, գնա ծանօթին ու անծանօթին։
     Աստուած հետդ տար….։
      Բարի երթ...։
      Ահաւասիկ մի քանի գեղեցիկ մէջբերումներ սոյն գրքոյկէն։
Առաջնահերթ- պաշտօն մը երկու հանգամանք կը բովանդակէ. գործը եւ գործին բերած պատիւը։ Ոմանք գործին միայն պատիւը կը փնտռեն... Ես պատրաստ եմ բոլոր պատիւներն ընծայելու գործը լրիւ ստանձնողին։
 Երբ ընելիք չունին- պատասխանատուներ կան, որոնք որովհետեւ ընելիք չունին, կը զբաղին իրենց նախորդին աջ կողմ դրածը՝ ձախ կողմ փոխադրելով։
 Տիտղոսներ- Երբեմն կարգ մը մարդոց կրած պատւոյ տիտղոսները աւելի երկար են քան զանոնք կրողներուն իշխանութեան սահմանները…..։
 Յաջողութիւն- Երկու տեսակ յաջողութիւն կայ. յաջողութիւն մը որ պատրաստ հագուստի մը պէս՝ ուրիշէն կը ժառանգես, յաջողութիւն մըն ալ որ դուն քու ձեռքովդ կ'իրագործես։
Վատիկանի Ձայնասփիւռի Հայերէն հաղորդումներու անձնակազմը, կը շնորհաւորէ Գերյ. Հ. Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանը եւ իր բարեմաղթութիւնները կը յայտնէ, սպասելով՝ այլ գիրքերու լոյս ընծայման։







All the contents on this site are copyrighted ©.