2010-11-12 13:04:55

Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Դեսպան Արշակ Փոլատեան Հանդիպում Ունեցաւ՝ Սուրիոյ Մշակոյթի Նախարարին Հետ։


Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեան հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ մշակոյթի նոր նշանակուած նախարար դոկտ. Ռիատ Իսմաթի հետ։ Հանդիպման ընթացքին դեսպանը Սուրիոյ մշակոյթի նախարարին փոխանցեց Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի շնորհաւորական ուղերձը եւ Հայաստան այցելելու հրաւէրը։ Քննարկուեցան մշակոյթի մարզին մէջ հայ- սուրիական համագործակցութեան ներկայ վիճակը եւ զարգացման հեռանկարները։
Կողմերը բարձր գնահատեցին ընթացիկ տարուան մէջ մշակութային երկու ծանրակշիռ ձեռնարկներու՝ Դամասկոսի մէջ ՝՝Սպարտակ՝՝ պալէի բեմադրումը եւ Հայաստանի մշակոյթի օրերու կազմակերպումը Սուրիոյ մէջ։ Մշակոյթի Նախարար դոկտ. Ռիատ Իսմաթ պատրաստակամութիւն յայտնեց այցելելու Երեւան եւ այցելութեան ծիրին մէջ ստորարելու Գործնական Ծրագիրը։ Նախնական համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ Հայաստանի մէջ Սուրիոյ մշակոյթի օրեր կազմակերպել 2011-ի Մայիսին։







All the contents on this site are copyrighted ©.