2010-11-12 13:31:36

Ս. Հաղորդութիւնը Մշտատեւ Կը Բարենորոգէ Եկեղեցին Ու Հաղորդակցութեան Մէջ Կը Դնէ Մարդիկը։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունելով Ս. Հաղորդութեան միջազգային ժողովի քահանայապետական կոմիտէն ըսաւ. Ս. Հաղորդութեան ժողովներուն նպատակակէտներէն մէկն է, նոր ՜՜սլացք մը տալ աւետարանութեան՝՝։
Ս. Հաղորդութիւնը. յարեց Սրբազան Հայրը, մշտաեւ կը բարենորոգէ եկեղեցին ու հաղորդակցութեան մէջ կը դնէ մարդիկը։
Հուսկ՝ Սրբազան Քահանայապետըր ընդգծեց թէ՝ Ս. Պատարագը գլխաւորը եւ գագաթնակէտն է Եկեղեցւոյ ու Աստուծոյ ժողովուրդի աղօթքներուն ու բարեպաշտութիւններուն եւ Ս. Հաղորդութեան միջազգային ժողովները կարեւոր դեր մը ունին որովհետեւ կը դրսեւորեն ՜՜Պատարագին Տիեզերական Ծաւալը՝՝ ։







All the contents on this site are copyrighted ©.