2010-11-12 07:52:44

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Պատգամը G20 Հզօրագոյն Երկիրներու Անդամներուն։


Հարաւային Քորիայի մէջ, Նոյեմբեր 11-12 տեղի ունեցող՝ G20 հզօրագոյն երկիրներու վեհագոյն ժողովի մասնակցողերուն իր ուղղած պատգամին մէջ, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կը հրաւիրէ ժողովականները պատասխան տալու համայն մարդկութեան համար իրենց տարած աշխատանքին համար։ Պետութիւնները , կը հաստատէ Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամին մէջ, պէտք է առանձնաշնորհեն բոլոր այն միջոցները որոնք կը յարգեն հաւասարութիւնը բոլոր պետութիւններու միջեւ, ինչպէս նաեւ մարդու բնութիւնը։ Աշխարհը ձեզ կը դիտէ, համաձայնագիրները որ կը պատրաստուիք ստորագրել, պէտք է ըլլան այնպէս մը որ աշխարհի բոլոր երկիրները դուրս գան տնտեսական տագնապէն, եւ ոչ թէ միայն կարգ մը երկիրներ։ Մարդկութեան ապագային համար հարկաւոր է ցոյց տալ աշխարհին ու այսօրուան պատմութեան համար թէ մարդը հասունցաւ ճանչնալու՝ թէ քաղաքակրթութիւնները ու մշակոյթները, ինչպէս նաեւ տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական դրութիւնները պէտք է նոյն տեսութիւնը ունենան մարդու արժանաւորութեան մասին։ Նշենք թէ G20 ստեղծուեցաւ 1990-ին ի պատսախան ռուս, ասիական եւ այլ ճարտարարուեսականացած պետութիւններու տագնապներուն։ Անիկա կը ներփակէ G7 յառաջադէմ երկիրներու ակումբը` Գերմանիա, Քանատա, ԱՄՆ, ֆրանսա, Իտալիա, Ճաբոն, Անգլիա։







All the contents on this site are copyrighted ©.