Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Նամակը Իրանի Նախագահին, Միջկրօնական Երկխօսութեան Նիւթին
Մասին։
Նորին Սրբութիւնը Կը Պատասխանէ Մահմուտ Ահմատինաճատի 6 Հոկտեմբերին Յղած Ուղղած
Պատգամին։ Կարտինալ Ժան Լու Թորռան` նախագահը միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական
խորհուրդին, Շիիթ մահմետական կրօնաւորներու այցելութեան ընթացքին, տեսակցութիւն ունեցաւ
Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինաճատի հեր եւ անոր յանձնեց Սրբազան Քահանայապետի նամակը։
Այս նամակը պատասխան մըն է Իրանի նախագահի՝ 6 հոկտեմբերին Սրբազան Քահանայապետին
ուղղած պատգամին։ Իրանի նախագահը իր նամակին մէջ կը բաղձար սերտ համագործակցութիւն
հաստատել աստուածային կրօններու միջեւ, վերջ դնելու՝ մարդկային ընկերութեան բարոյական
անկումին։ 9 Նոյեմբերին Իրանի նախագահը Կարտինալ Թորանին առջեւ վերահաստատեց թէ՝ մարդկային
բոլոր հարցերը հետեւանքն են աստուածային կրօններու հեռացումէն։ Թեհրան թայմս լրատուութեան
համաձայն՝ Իրանի նախագահը եւ Վատիկանի դիւանագէտը ուսումնասիրեցին կարելիութիւնը՝ ստեղծելու
միաստուածեան կրօններու միացեալ ճակատ մը։