2010-11-12 13:31:29

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Կը Հրաւիրէ Իտալացի Եպիսկոպոսները Արժէքաւորելու Ծէսը ։


Իտալիոյ եպիսկոպոսական ընդհանուր ժողովին առթիւ, որ գումարուեցաւ Իտալիոյ Ասիզի քաղաքը, Սրբազան Հայրը պատգամ մը ուղղած է ժողովականներուն, որով կը խրախուսէ իտալացի եպիսկոպոսները, արժէքաւորելու ծիսակատարութիւնը որպէս դաստիարակութեան մշտատեւ աղբիւր, լաւագոյնս հասկնալու Աւետարանը։
Ծէսը, կը կարդանք Նորին Սրբութեան պատգամին մէջ, կը սորվեցնէ ողջ կերպով մասնակցիլ եւ ապրիլ խորհուրդները։ Հարկաւոր է հաւասարակշռութիւն մը պահել ծիսական աւանդութեան ու նորութեան միջեւ, որովհետեւ ճշմարիտ բարենորոգիչ մը կամայականօրէն չի գործեր քանի որ համայն Եկեղեցին ներկայ է ամէն մէկ ծիսակատարութեան մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.