2010-11-12 13:07:46

Երթ Տարեգիրքի Ե. Թիւին Շնորհահանդէսը Հալէպի Մէջ ։


Կազմակերպութեամբ Սուրիահայ գրողներու համախմբումին, Հալէպի Լ Շանթ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Երթ տարեգիրքի 5-րդ թիւին շնորհահանդէսը։
Տարեգիրքը բաղկացած էր 3 բաժիններէ՝ արձակ, բանաստեղծութիւն եւ թարգմանութիւն։ Արձակի բաժինը ներկայացուց բեմադրիչ եւ թատերագիր Մանուէլ Քէշիշեան, որ մանրամասնօրէն թուեց իւրաքանչիւր գրութիւն, որ կը գտնուի այդ բաժնին մէջ։ Համախմբումի անդամներէն Յարութ Վարդանեան ներկայացուց բանաստեղծութիւններու բաժինը։
Այնուհետեւ իր սրտի խօսքը փոխանցեց տարեգիրքի մեկենաս Կիրակոս Գույումճեան։ Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ իրեն առիթը ընծայուած էր սատարելու գիրքի աշխատանքներուն եւ նկատել տուաւ, որ մօտ օրէն լոյս պիտի տեսնէ իր արաբերէն գիրքը, որ նուիրուած է Հայ դատին եւ կընդգրկէ իր կեցուածքներն ու դիրքորոշումները Հայ դատին մասին։ Ապա կարդացուեցան պատկան մարմիններու կողմէ ուղարկուած շնորհաւորագիրները։
Աւարտին խօսք առաւ թեմի առաջնորդ Շահան եպս Սարգիսեան, որ բարձր գնահատեց բոլոր այն ազգայինները, որոնք անցնող 5 տարիներու ընթացքին իրենց նիւթական ներդրումով սատարեցին գիրքի 5 թիւերուն հրատարակութեան։ Սրբազանը նկատել տուաւ, թէ տարեգիրքը ամէն անգամ նորութիւններով կը յայտնաբերուի, շեշտելով որ տարեգիրքը յարատեւութեան մասին կը խօսի, որ գաղափարական իմաստասիրական յղացք մը ըլլալէ վեր եւ անդին՝ գոյութենական իրականութիւն է։
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ գինեձօնի արարողութիւն։







All the contents on this site are copyrighted ©.