2010-11-12 08:02:36

Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց WORLD VISION-Ի ներկայացուցիչները


Չորեքշաբթի 10 Նոյեմբեր 2010-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներէն ժամանած World Vision-ի ներկայացուցիչներուն: Ինչպէս ծանօթ է, World Vision-ը միջազգային քրիստոնէական բարեսիրական կազմակերպութիւն մըն է, որ կ’օժանդակէ յատուկ ծրագիրներու՝ աշխարհի բոլոր կողմերը: World Vision-ը ինչպէս անցեալին, նաեւ այսօր օժանդակութիւններ կը կատարէ Լիբանանի հայ համայնքի յատկապէս կրթական մարզին առնչուած որոշ ծրագիրներու:
Ընդունելով ներկայացուցիչները յիշեալ կազմակերպութեան, Վեհափառը նախ իր գնահատանքը արտայայտեց անոր կատարած մարդասիրական ծառայութեան, ապա յիշեցուց, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն յատուկ օժանդակութիւն կատարելու հրամայականը, որպէսզի անոնք կարենան նոր թափ տալ իրենց առաքելութեան: Այս ծիրէն ներս, բնականաբար, Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ ընդգծեց հայ համայնքներուն առնչուած ծրագիրներուն օժանդակելու անհրաժեշտութիւնը:







All the contents on this site are copyrighted ©.