2010-11-10 13:22:05

Քահանայապետական Մշակոյթի Խորհուրդի 2010-ի Ընդհանուր Նիստը։
( 10-13 նոյեմբեր)՜՜Հաղորդակցութեան Մշակոյթը Եւ Նոր Բարբառներ՝՝ Բնաբանով։


Քահանայապետական մշակոյթի Խորհուրդը 10 - 13 Նոյեմբեր 2010, կը գումարէ իր տարեկան նիստը ունենալով որպէս բնանիւթ ՜՜Հաղորդակցութեան մշակոյթը եւ նոր բարբառներ՝՝։ Նիստի ընթացքին ժողովականները մասնագէտներու հետ միասին պիտի ուսումնասիրեն այսօրուայ հաղորդակցութեան արդի միջոցներու ընթացքը եւ ծաւալումը եւ որ անոնց գործածութիւնը չ՛ըլլայ լոկ ՜՜հաղորդում՝՝ այլ ըլլայ արտայայտիչ եւ ազդու, եւ մանաւանդ հասկնալի դառնայ անոնց որոնց ուղղղուած է հաղորդակցութիւնը մասնաւորապէս երիտասարդներուն։ Ժողովականները պիտի որդեգրեն ուղեգիծ մը եկեղեցւոյ աւետարանութեան առաքելութեան առնչութեամբ։
Վիճաբանութեան հորիզոնները զարգացնելու նպատակով՝ բացման նիստը տեղի կ՛ունենայ 10 նոյեմբերին յետ միջօրէի ժամը 16.30 Հռոմի Քաղաքապետարանի մէջ, մասնակցութեամբ՝ Հռոմի Քաղաքապետ Ճաննի Ալէմաննոյի, որ Քահանայապետական մշակոյթի Խորհուրդի նախագահ Արքեպիսկոպոս Ճանֆրանքօ Րավազիի հետ միասին բացման խօսքը պիտի արտասանեն։
Ապա նախատեսուած է Կլոր սեղան մը ՜՜ ունկնդրող քաղաքի մէջ հոգւոյն բարբառներ՝՝ որուն ընթացքին խօսք պիտի առնեն Փադրիք տէ Գարոլիս՝ նախկին նախագահը ֆրանս Թէլէվիզիոնի, Ալտօ Կրասսոն՝ Միլանոյի Գաթթոլիքա Համալսարանէն եւ Հայր ԼԼոյտ Պաուղ՝ Կրեկորեանա համալսարանէն։
Յաջորդ օրերուն Գերապայծառ Կէրարտ Լուտվիկ Միւլլէր՝ Րէկէնզպուրկի Եպիսկոպոսը պիտի զեկուցէ ՜՜ Հաղորդակցութեան եւ տեղեկատուութեան արդի միջոցներու մշակոյթի մէջ մարդուն գրաւած դերը՝- ինքնութիւն, անձ եւ եթերային յարաբերութիւն՝՝ նիւթին մասին։
Նախատեսուած են նաեւ՝ այլ կարեւոր ելոյթներ եւ զեկուցումներ մշակոյթի աշխարհի յայտնի հեղինակութիւններու, ինչպէս Հանրածանօթ Երաժշտահան Էնրիքօ Մորրիգոնէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.