Լիբանանի մէջ Հայաստանի Դեսպան Աշոտ Քոչարեան Այցելեց Արամ Ա.Կաթողիկոսին
Երեքշաբթի, 9 նոյեմբերի առաւօտուն, Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի
մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանը։ Վեհափառին եւ դեսպանին խորհրդակցութիւնները ընդգրկեցին
Լիբանանի ներքին կացութեան, Հայաստանին եւ Սփիւռք-Հայաստան գործակցութեան հետ աղերս ունեցող
շարք մը հարցեր։ Ապա դեսպան Աշոտ Քոչարեան ընթրիքի հիւրը եղաւ Վեհափառին ։