2010-11-10 13:20:02

ԱՆՐԻ ԹՐՈՒԱՅԱ (Լեւոն Թորոսեան/ 1911-2007) Գրական աշխարհը նուաճած մեծատաղանդ Ֆրանսահայը ։


Նոյեմբեր 1ին (2010) , 99 տարեկան պիտի ըլլար ֆրանսական եւ, ինչու ոչ, միջազգային գրականութեան հսկաներէն Անրի Թրուայա, որ տակաւին երեք տարի առաջ, մինչեւ 2 Մարտ 2007ին ( ծերունազարդ տարիքի մէջ իր վախճանումը) անխոնջ կը շարունակէր ստեղծագործել եւ արժանանալ միլիոնաւոր իր երկրպագուներու հիացմունքին։

Արմաւիրի չերքէզահայ Թարասովներու տոհմէն սերած էր քսաներորդ դարուն գրական աշխարհը նուաճած հայ ժողովուրդի մեծատաղանդ այս զաւակը, որ թէեւ իր աշխարհահռչակ Անրի Թրուայա գրչանունով ուղղակիօրէն չկապուեցաւ հայ գրականութեան ածուին, բայց արժանաւորապէս մարմնաւորեց հայկական ծագումով մեծատաղանդ ֆրանսացի գրողի կերպարը։

Աւելի՛ն. նաեւ սեփական ժողովուրդի ճակատագրին հետ ուղղակի կապուածութեան ապացոյցներ տուաւ Անրի Թրուայա իր երկարամեայ կեանքի ընթացքին, մանաւանդ իր մահէն քանի մը տարիներ առաջ, երբ իր ստորագրութեամբ միացաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը պահանջող՝ միջազգային հռչակի տէր հայազգի մեծանուն դէմքերու հաւաքական՝՝ կոչ-դիմումին՝՝։ Հակառակ ընդհանրապէս քաղաքական եւ հասարակական յանձնառու գործունէութենէ հեռու մնալու իր ծանօթ վարքագծին, Անրի Թրուայա բացառութեան կարգով կատարուած իր այդ քայլը բացատրեց հետեւեալ հիմնաւորումով. 1915ին թուրքերուն իրականացուցած Հայկական Ցեղասպանութիւնը չէ ջնջուած մարդոց յիշողութենէն։ Կը կարծեմ՝ Ֆրանսան, որ համարձակութիւն ունեցաւ դատապարտելու բոլոր միւս ցեղասպանութիւնները, որոնք տեղի ունեցած են 1915էն յետոյ, պէտք է համերաշխ ըլլայ անցեալի իրադարձութեանց վկաներուն հետ, իրադարձութիւններ՝ որոնք մէկ անուանում ունին. յանցագործութիւն ընդդէմ մարդկութեան։

Անրի Թրուայայի ստեղծագործութիւնը էապէս կապուեցաւ ռուսական մշակոյթին հետ։ Ռուս ժողովուրդի պատմութիւնը եւ յատկապէս 1917ի մեծ յեղափոխութիւնը խոր ազդեցութիւն ունեցան Թրուայայի ստեղծագործական աշխարհին վրայ եւ ներշնչման աղբիւր դարձան ոչ միայն գրական վէպերու, այլեւ պատմական խորաթափանց մենագրութիւններու՝ նուիրուած թէ՛ Ցարական Կայսրութեան մեծ կերտիչներուն (ինչպէս Իվան Ահեղ, Մեծն Պետրոս եւ Կատարինէ Ցարուհի), թէ՛ ռուսական գրականութեան աշխարհահռչակ հսկաներուն (ինչպէս Պուշկին, Թոլսթոյ եւ Տոսթոյեւսքի)։

Տարբեր չէր կրնար ըլլալ գրողի եւ պատմաբանի աշխարհը 1 Նոյեմբեր 1911ին Մոսկուա ծնած Լեւ Ասլանի Թարասովի (հետագային հայացուած վերանուանումով՝ Լեւոն Ալեքսանդրի Թորոսեանին), որ մեծահարուստ յարկի տակ անցուց իր մանկութեան առաջին տարիները, վայելեց ամէն կարգի շռայլութիւն, ունեցաւ առանձին հոգատարներ եւ զուիցերիացի դաստիարակուհի, հմտացաւ ռուսերէնին ու ֆրանսերէնին եւ կապուեցաւ համապատասխան մշակոյթներուն։ Բայց այդ բոլոր բարիքներէն յանկարծ զրկուեցաւ, երբ պոլշեւիկներու իշխանութեան գլուխ գալով՝ տանուտէր Ալեքսանդր Թորոսեանը ընտանեօք հեռացաւ Մոսկուայէն, վերադարձաւ Կովկաս եւ սպասեց պոլշեւիկներու իշխանութեան... մօտալուտ անկումին։ Բայց երբ դէպքերը հակառակ ուղղութեամբ զարգացան եւ Սպիտակ Ռուսերը շարունակական պարտութիւններ կրեցին, Ալեքսանդր Թորոսեան 1920ին որոշեց եւ կրցաւ, իր ընտանիքով, Սպիտակ Ռուսերը պոլշեւիկեան հալածանքէն փրկող վերջին նաւը բարձրանալ Խրիմէն, անցնիլ Կոստանդնուպոլիս (ուր Հայաստանի Հանրապետութեան ատենի դեսպանատան կողմէ ստացաւ հայկական՝ Լեւոն Ալեքսանդրի Թորոսեան անունով անցագիր) եւ հոնկէ ալ Փարիզ, որ դարձաւ Թորոսեաններու վերջնական բնակավայրը։

Հազիւ 9 տարեկան Լեւոնի համար Ֆրանսան դարձաւ իսկական հայրենիք՝ ե՛ւ լեզուամտածողութեան կազմաւորման, ե՛ւ ուսման ու քաղաքացիական պատկանելութեան առումներով։ Սկզբնական տարիներուն Թորոսեանները ապրեցան մեծահարուստ սպիտակռուս աքսորականներու շրջանակին մէջ եւ անոնց բարեկեցիկ թաղամասին մէջ (Neuilly արուարձանէն ներս), բոլորին պէս հաւատալով եւ յուսալով, որ շուտով փուլ պիտի գար Սովետական Կայսրութիւնը։

Բայց այդ սպասումը ապարդիւն անցաւ եւ Լեւոնի ծնողները աստիճանաբար մատնուեցան նեղութեանց, որովհետեւ դիւրին չէր այդ օրերու Փարիզին մէջ մեծահարուստ ռուսներու կենցաղով ապրիլ։ Ծնողքը ծանր պարտքերու տակ ինկան եւ ստիպուեցան տեղափոխուիլ աւելի համեստ պայմաններով բնակութեան շրջան։

Պատանի Լեւոն ցմրուր ճաշակեց այդ յուսախաբութեանց եւ նեղութեանց դառն բաժակը, բայց ի տարբերութիւն ծնողներուն՝ շատ աւելի արագ եւ դիւրութեամբ համարկուեցաւ ֆրանսական իրականութեան։ Ուսանեցաւ եւ աւարտեց Սորպոնի համալսարանի իրաւաբանութեան ճիւղը, 1933ին ստացաւ ֆրանսական քաղաքացիութիւն, զօրակոչուեցաւ բանակ, ծառայեց երկու տարի եւ, այնուհետեւ, երկար տարիներ պետական պաշտօնի կոչուեցաւ Սէնի ոստիկանութեան պիւտճէական բաժնին մէջ։ Թէեւ Թրուայա դիւրութեամբ ընտելացաւ ֆրանսական կեանքին, այսուհանդերձ՝ ռուս աքսորականներու դաժան ճակատագիրը եւ ռուսական հասարակափոխութեան մեծ ողբերգութիւնը խոր անդրադարձ ունեցան գրելու բնատուր տաղանդով օժտուած Լեւոնի վրայ, որ աշակերտական տարիներէն արդէն լծուած էր ստեղծագործական բեղուն աշխատանքի։

Գրական իր սկզբնական քայլերէն իսկ ան հրապարակ եկաւ Անրի Թրուայա գրչանունով եւ ֆրանսերէնով։ Ուսման եւ ապրուստի ապահովման աշխատանքի կողքին, գիշերները նուիրեց գրական ստեղծագործութեան։ Այդ շրջանի Թրուայայի պատմուածքներն ու վիպակները շատ արագ ժողովրդականութիւն գտան եւ հեղինակին ապահովեցին, 27 տարեկանին, գրական հեղինակաւոր Գոնգուրի մրցանակը։ Այդ մրցանակէն ետք Թրուայա ամբողջապէս նուիրուեցաւ գրական ստեղծագործութեան եւ պատմական հետազօտութեանց։

1959ին՝ արդէն հանրայայտ գրող, Անրի Թրուայա ընտրուեցաւ Ֆրանսայի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի անդամ եւ իր արժանի տեղը գրաւեց 40 Անմահներու փաղանգին մէջ։

Աւելի քան 70ամեայ իր ստեղծագործական կեանքի ընթացքին Թրուայա հեղինակեց 100է աւելի վէպեր, վիպակներ, նորավէպեր, յուշագրութիւններ, պատմավէպեր, կենսագրական վէպեր, պատմական ու գեղարուեստական ստեղծագործութիւններ, որոնց մեծ մասը կը համարուի համաշխարհային գրականութեան մնայուն արժէքներ։

Հայազգի մեծատաղանդ գրողի հսկայական ժառանգութեան մաս կը կազմեն համաշխարհային հռչակ վայելող այնպիսի գործեր, ինչպիսիք են՝ Սարդը, Խաբուսիկ լոյսը, Կեղծ օրը, Ցանցերը, Ընդհանուր գերեզմանը, Աստծոյ դատաստանը, Գլուխն ուսերունը, Եվայի ժեստը, Սգաւոր ձիւնը, Էգլեթիերներու ընտանիքը, Թակարդը, Ցանք եւ հունձքը, Արդարներու լոյսը, Ապագայի ժառանգները, Մինչեւ վաղը, Սիլվին, Երրորդ երջանկութիւնը եւ այլ ստեղծագործութիւններ։

27 տարեկանին իր ստացած հանրայայտ Գոնգուր (Prix Goncourt) մրցանակէն ետք, Թրուայա արժանացաւ Ֆպանսական Գրականութեան եւ Մշակոյթի Հրամանատարի շքանշանին, ինչպէս նաեւ Պատուռաւոր Լեգէոնի մեծ խաչին ու բազմաթիւ այլ պարգեւներու եւ մրցանակներու։ Անոր գիրքերը թարգմանուած են աշխարհի շատ լեզուներով։

1994ին, Ֆրանսայի ամենայայտնի հետազօտական հաստատութեան՝ Sofresի կատարած մէկ հարցախոյզին համաձայն, Թրուայա կը շարունակէր մնալ ֆրանսացիներու ամենասիրելի գրողը։ Անրի Թրուայա առյաւէտ փակեց աչքերը 96 տարեկանին՝ 2 Մարտ 2007ին, իր ստեղծած պատկառելի գրական ժառանգութեան կողքին սերունդներուն կտակելով ֆրանսացիի ու հայու (աւելի ճիշդ՝ ինչպէս ինք պիտի ըսէր, ռուսական հայու) բարդ եւ ուսանելի համարկում մը։







All the contents on this site are copyrighted ©.