2010-11-10 13:23:54

Անկլիգան Նոր Թեմի Հաստատումը՝ Ընդունելու Համար Անկլիգան Հաւատացեալները


Վերջերս անկլիգան 5 եպիսկոպոսներ յայտնած են իրենց յարումը կաթողիկէ եկեղեցւոյ։ Այս լուրին վրայ Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը, 8 նոյեմբերին յայտնած է թէ Վատիկանը կը խորհի նոր թեմ մը հիմնել կաթողիկէ եկեղեցւոյ յարող անկլիգան հաւատացեալներուն։ Յայտնենք թէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նոյեմբեր 2009ին հաստատած է նոր սահմանադրութիւն մը "Coetibus Anglicanorum" անունով, որով թոյլ կու տայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ յարող անկլիգաններուն պահել իրենց եկեղեցական կառոյցը ու յարգել անոնց ծիսական աւանդութիւնը։ Յայտնենք թէ 90ական թուականերէն սկսեալ շատ մը անկլիգան հաւատացեալներ իրենց ընդդիմութիւնը յայտնած են, իմանալով կին եպիսկոպոսներու օծումի լուրը։







All the contents on this site are copyrighted ©.