2010-11-10 13:25:16

Lumi di Sapienza 2011 Sարւոյն ՜՜Օրացոյց-ալպոմի՝՝ Շնորահանդէսը Հռոմի Մալոյեան Մշակութային Կեդրոնի Մէջ։


Նախաձեռնութեամբ՝ Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդին եւ ''La Casa di Matriona'' հրատարակչութեան, Ուրբաթ 12 Նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 6-ին՝ Մալոյեան Մշակութային Կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ Lumi di Sapienza Օրացոյցի պաշտօնական ներկայացումը։(Գործը՝ նախապէս ներկայացուած էր Միլանոյի մէջ)։
Քրիստոնեայ Ռուսաստան հաստատութեան ''La Casa di Matriona'' հրատարակչութիւնը 30 տարիէ ի վեր եւ ամէն տարի լոյս կ՝ընծայէ յատուկ Օրացոյց մը. եւ այս անգամ՝ (2011 տարւոյն համար) ընտրած է ՜՜հայ մանրանկարչութիւնը՝՝ թեման, ներկայացնելով՝ 6-րդ դարէն մինչեւ 16-րդ դարու հայ մանրանկարչութեան գլուխ գործոցներու նմոյշներ։
Արդարեւ 2011 տարուայ օրացոյցը մանրանկարներու սքանչելի հաւաքածոյ մը կարելի է նկատել, առնուած եւ վերատպուած՝ Երեւանի Մատենադարանէն եւ Վենետիկի՝ Մխիթարեան Հայրերու Ս. Ղազար վանքի ժողովածուներէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.