2010-11-10 13:25:26

Իտալիոյ Մօտ Հ Հ Արտակարգ Եւ Լիազօր Դեսպան՝ Տիար Ռուբէն Կարապետեանի Կոչը Իտալահայ Կազմակերպութիւններու Պատասխանատուներուն։


Տիար Ռուբէն Կարապետեան, Իտալիոյ մօտ Հ Հ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը՝ կոչ ուղղած է Իտալահայ Կազմակերպութիւններու պատասխանատուներուն նշելով որ.
Համահայկական Ե. խաղերը տեղի պիտի ունենան 2011-ի՝ Օգոստոս 13-21 Հայաստանի մէջ։ (ըստ Համահայկական խաղերու համաշխահային Կոմիտէի որոշումին)։
Կոմիտէն եւ տիար Զոհրապ Մալէք՝ Հռոմի մէջ պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի դեսպանը, կ՝աջակցին խրախուսելու՝ իտալահայ մարզիկները մասնակցելու այս խաղերուն, խնդրելով Իտալիոյ մէջ հայ կազմակերպութիւններու պատասխանատուներուն աջակցութիւնը, ապահովելու համար իտալահայ երիտասարդութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը, քանի որ այս միջոցառումը կը միաւորէ համայն աշխարհի հայ մարզիկները։
Համահայկական Խաղերու վերաբերեալ մանրամասն տեղեկութիւններ ստանալու համար կարելի է այցելել www.panarmeniangames.am համացանցային կայքէջը։







All the contents on this site are copyrighted ©.