2010-11-09 13:56:10

Վատիկանի Ռատիոկայանի Տնօրէն Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը


Քահանայապետը, ժողովուրդը եւ եղբայրօգնութիւնը

Շատ բաներ կան ըսելիք Քահանայապետի Սպանիա կատարած վերջին առաքելական ճամբորդութեան մասին։ Անոնցմէ կը յիշենք երկու բան մոռացութեան չմատնելու նապատակով։
Սանդիակոն նպատակակէտն է ժողովուրդի մը որ ճամբայ ելած է խոնարհաբար ու փնտռտուքի մէջ։ Մարդկային անհամար ուղիներ, դարերու ընթացքին, կը խորհրդածէին, կ՛աղօթէին եւ դժուարութիւններու կը հանդիպէին իրենք զիրենք գտնելու համար եւ հանդիպելու Աստուծոյ։ Կեանքի զանազան անցուդարձեր, իրենց խոր գաղտնիքներու հետ, կը միանան այս ճանապարհորդութեան։ Քահանայապետը այսօր ուխտաւոր է ուխտաւորներու հետ` իբրեւ անձ եւ իբրեւ հովիւ։ Որքան մարդիկ կը թափառին առանց գտնելու ուղղութիւնը։ Անոնցմէ շատերուն ընթացքը դէպի Սանդիակօ գտաւ Աստղ մը, նպատակակէտ մը։ Սրբազան Քահանայապետին հետ միասին վստահութեամբ մենք ալ դիմագրաւենք մեր ճանապարհորդութիւնը։

Սակրատա ֆամիլիա եկեղեցւոյ շինարարութիւնն ալ խոնարհ ժողովուրդի մը ձեռնարկն է։ Այս ժողովուրդն է եւ ոչ այս աշխարհի իշխանութիւնները որ կամաց կամաց իր փոքր նուրիրատուութիւններով եւ բարեպաշտութեամբ զայն կ՛աճեցնէ։
Կաուտին կը մնայ անշուշտ այս ստեղծագործութեան հոգին բայց այս գործը կ՛երթայ իրմէ անդին, ժամանակաւոր եւ գեղարուեստական արտայայտութեամբ ,պահելով միշտ արուետի եւ հաւատքի զօրեղ ներշնչումը։ Այսպէս կը ծաւալի այն տունը ուր հաւատացեալ ժողովուրդը կը վերագտնէ ինքզինքը Քրիստոսի ներկայութեամբ։ Սրբազան Քահանայապետը ուզեց այցելել այս վայրը աղօթելու ժողովուրդին հետ միասին։
Յատկանշական է նաեւ՝ կիրակի օրուայ հանդիպումը, տառապած եւ անկար մանուկներու հետ։ Կարելի չէր որ Սրբազան Հայրը բացակայէր։ Հաւատացեալ հասարակութիւն մը գոյութիւն չ՛ունի առանց իսկական սիրոյ արտայայտութեան։ Սէր մը որ կարող է բարեփոխել կերապարանափոխել եւ այլակերպել տանջանքն ու ցաւը յոյսի եւ ուրախութեան։
Ապրուած Եղբայրօգնութիւնը ճանապարհորդութեան աստղն է, առօրեայ լեզուն որ ամէնքը կարող են հասկնալ։ Այստեղէն է որ կ՛անցնին սրբազան Քահանայապետին քայլերը։







All the contents on this site are copyrighted ©.