2010-11-09 13:50:50

Կարտինալ Թոռան Քահանայապետական Խորհուրդի Միջկրօնական երկխօսութեան Նախագահ 9-11 նոյեմբեր Իրանը կ՛այցելէ։


Երկուշաբթի 8 նոյեմբեր 2010ի Քահանայապետական Խորհուրդի Միջկրօնական երկխօսութեան Նախագահ Կարտինալ Ժան Լուի Թոռան մեկնեցաւ Իրան ուր պիտի մասնակցի Քրիստոնեայ - Իսլամ երկխօսութեան վերաբերող զրոյցի մը։ Հանդիպումը կազմակերպուած է Ւսլամական Մշակոյթի եւ Հարաբերութիւններու կրօնական երկխօսութեան կեդրոնի կողմէ եւ ունի որպէս բնաբան <<Կրօնք եւ Ընկերութիւն։ քրիստոնեայ եւ իսլամ հեռանկարներ>>։ Իր կեցութեան ընթացքին Կարտինալ Թոռանը պիտի այցելէ Գոմը` Շիիդներու սուրբ քաղաքը ու կրօնական դաստիարակութեան եւ ուսումնասիրութեան կեդրոն ուր Թեհրանի Համալսարանի աշակերտութեան պիտի ներկայացնէ մամլոյ ասուլիս մը անդրադառնալու վերոյիշեալ զեկոոյցի մասին քրիստոնեայ տեսանկիւնէն։
Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակը ճշդած է թէ այս 7րդ հանդիպումը տեղի կ՛ ունենայ դռնբակ որուն աւարտին նախատեսուած է պաշտօնական յայտարարութիւն մը։
Կարտինալ Թոռան մասնկացելով Վատիկանի մէջ անցեալ հոկտեմբերին միջին արեւելքի համար գումարուած յատուկ սիւնոդոսին հրաւիրած էր միջին արեւելքի քրիստոնլաները պահանչելու <<ոչ միայն պաշտամունքի ազատութիւն այլ նաեւ կրօնի ազատութիւն>> իսլամական հողամասերու վրայ։







All the contents on this site are copyrighted ©.