2010-11-09 13:38:13

Արմէն Աշոտեան Մեկնեցաւ Սթրազպուրկ.


Հայաստանի Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը նախանցեալ օր մեկնեցաւ Սթրազպուրկ՝ մասնակցելու համար ՝՝Ակադեմական ազատութեան եւ հաստատութիւններու ինքնավարութիւն. պետական մարմիններու դերը՝՝ նիւթով համագումարի աշխատանքներուն։ Համագումարին ընթացքին կը նախատեսուի նաեւ նախարարին ելոյթը։ Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը փոխանցէ, որ Սթրազպուրկի մէջ Արմէն Աշոտեան հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտի, Եւրոպական խորհուրդի քարտուղարութեան կրթութեան հարցերով պատասխանատուներուն, Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի մշակոյթի, գիտութեան եւ կրթութեան յանձնախումբի նախագահ Կվոզտեն Ֆլեկոյի հետ։ Այցելութիւնը պիտի աւարտի 10 նոյեմբերին։







All the contents on this site are copyrighted ©.