2010-11-09 13:31:53

2010-ը ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱՐԻՆ.

Հայ Կինը՝ Ընտանեկան Սրբութեան Եւ Հայրենասիրութեան Խորհրդանիշ.


 Պատմութեան ողջ ընթացքին, Հայ ժողովուրդի փոթորկալի տարիներուն եւ օրհասական օրերուն, երբ հզօր պետութիւններու սպառնալիքներուն տակ մեր իրաւունքներն ու շահերը պաշտպանող պետական կառոյցներ չենք ունեցած, Հայ կինը միշտ հաւատարիմ եւ հոգատար ներկայութիւն մը ըլլալով՝ ոչ միայն եղած է ընտանիքի գոյատեւման յուսալի յենարանը, այլ՝ ազգային մեր մեծ ընտանիքին դիմադրողականութեան ուժի ու հաւատքի աղբիւրը, եւ զանոնք սնող կենսատու աւիշը: Եւ ահա ճիշդ այս պատճառով, անձնականը եւ ազգայինը անբաժանելի եղած են Հայ կնոջ մտածելակերպին եւ ապրելակերպին մէջ: Օրինակի համար.... Սանատրուկ թագաւորի դուստր՝ Սանդուխտ կոյսը, հրաժարելով իր հօր պալատի ճոխութենէն եւ հեթանոսական զեխ խնճոյքներէն, Աստուծոյ լոյսը իր սրտին մէջ՝ կ՛օգնէր անկեալներուն ու կը սփոփէր զանոնք: Տրդատ թագաւորի քոյրը՝ Խոսրովադուխտ, եւ Աշխէն թագուհին միասնաբար ստորագրելով արքայական հրովարտակ մը՝ ժողովի հրաւիրեցին երկրի նախարարներն ու մեծամեծերը, ազգային համաձայնութիւն մը գոյացնելու եւ նոր՝ քրիստոնէական կրօնքին արժանաւոր առաջնորդ մը ընտրելու նպատակով: Ահաւասիկ ազնուական տոհմի հայուհիներ, որոնց մօտ անձնականը եւ ազգայինը նոյնացած էին:
Եղիշէ պատմիչ, ականատեսի վկայութեամբ կը նկարագրէ հայոց աշխարհի «փափկասուն տիկիններուն» սիրտ ճմլող, անխիղճ սրտերէն արցունք քամող համեստ կեանքը: Անոնք Աւարայրի ճակատամարտէն ետք, իրենց հաւատաւոր ամուսիններու աքսորի տարիներուն, հրաժարելով շքեղ ընդունելութիւններէ, պճնանքէ ու անուշահոտ իւղերով օծուելէ՝ նուիրուեցան իրենց զաւակներու հայրենասիրական դաստիարակութեան: Եւ իրօք, երբ 464 թուականին աքսորեալ հայրենասէր նախարարները վերադարձան Հայաստան, յուրախութիւն բոլորին, գտան ազնուական նոր երիտասարդութիւն մը՝ դաստիարակուած հայրենասիրութեամբ, քաջութեամբ եւ քրիստոնէական լոյս հաւատքով՝ ի պարծանք հայ ազնուական կիներուն:
Ահա այս սերունդն էր, որ Վահան Մամիկոնեանի իմաստուն առաջնորդութեամբ ստիպեց խաւարամիտ պարսից արքային, 484ին հայոց հետ կնքել մարդկային իրաւունքներ եւ ազատութիւններ ներբողող Նուարսակի Դաշնագիրը, որ յաղթական դափնեպսակ մըն էր Աւարայրի անմահներու գլխին:







All the contents on this site are copyrighted ©.