2010-11-08 13:45:13

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Ճամբորդութիւնը Սպանիա


Կիրակի 7 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 9ին վերջ գտաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Սպանիա կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը որ տեւեց 30 ժամ։ Նախքան մեկնիլը Սպանիայէն, Նորին Սրբութիւնը մաղթեց որ քրիստոնէական հաւատքը վերագտնէ իր տեղը Եւրոպայի մէջ եւ դառնայ ներշնջումի աղբիւր։ Նորին Սրբութիւնը Պարսելոյնայի միջազգային օդակայանին մէջ 10 վայրկեան հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Լուիս Զաբաթերոյի հետ։
Իր սովորութեան համաձայն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հրաժեշտի իրխօսքին մէջ ըսաւ. ՜՜Սպանիա եկայ հաւատքի մէջ հաստատելու եղբայրները մատնանշելով թէ քրիստոնէական հաւատքը Սպանիա մուտք գործեց քրիստոնէութեան արշալոյսին եւ արմատ ձգեց հոգիներու, բարքերու, գեղարուեստի ու անհատներու նկարագիրին մէջ՝՝։
Նորին Սրբութիւնը մաղթեց որ քրիստոնէական հաւատքը վերագտնէ իր բարեբեր ազդեցութիւնը ընկերութեան վրայ, միշտ աւելի զարգացնելով զօրակցութիւնն ու ծառայութեան սէրը հանդէպ բոլորին՝ եւ մասնաւորապէս կարիքաւորներուն։
Ապա Նորին Սրբութիւնը ըսաւ ՜՜մինչ կը պատրաստուիմ Պարսելոնայէն հեռանալ ձեզի կ'ուզեմ ըսել ցտեսութիւն՝՝։
Արդարեւ Նորին Սրբութիւնը երրորդ անգամուան համար Սպանիա պիտի այցելէ օգոստոս 2011ին գլխաւորելու երիտասարդութեան համաշխարհային օրը որ տեղի պիտի ունենայ Մատրիտ։ ''Ի քաղցր տեսութիւն, Սրբազան Հայր'' պատասխանեց Սպանիոյ թագաւորը՝ Խուան Գարլոս ։ Քահանայապետական սաւառնակը Հռոմ հասաւ երեկոյեան ժամը 9ին։
Սրբազան Հօր Սպանիա ճամբորդութիւնը անգամ մը եւս ծառայեց խթանելու՝ 21րդ դարու Եւրոպան ''Աստուծոյ բացուելու'', Աստուած մը որ ''հակառակորդ մը'' չէ մարդուն։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը քաջալերեց Սպանիան ու Եւրոպան որ բացի հոգեւոր ու կրօնական արժէքներու, չանտեսէ բարոյական ու ընկերային հարցերը։
Լա Սակրատա ֆամիլիա պազելիքային մէջ Նորին Սրբութիւնը մաղթեց որ պետութիւնը վճռականապէս նեցուկ կանգնի ընտանիքի տնտեսական եւ ընկերային կարիքներուն։ Սրբազան Հայրը անգամ մը եւս վերահաստատեց եկեղեցւոյ պայքարը կեանքի ի նպաստ եւ մաղթեց որ անկար անհատները իրենց արդար տեղը գտնեն ընկերութեան մէջ։ Արդարեւ՝ Նորին Սրբութիւնը Սպանիայէն չմեկնած՝ այցելեց նաեւ անկարներու կեդրոնը, ուր դարձեալ իր ճառին մէջ հաստատեց թէ իւրաքանչիւր անձ Աստուծոյ ճշմարիտ սրբավայրն է։







All the contents on this site are copyrighted ©.