2010-11-08 13:02:51

ՄԱԿ-Ի Մարդկային Զարգացման Տարեկան Զեկուցումին Մէջ Հայաստան Կը Գրաւէ 76-րդ Դիրքը։


ՄԱԿ-ի Զարգացման Ծրագիրի Ժողովուրդներու իսկական հարստութիւնը Մարդկային զարգացման ուղիները զեկուցումին մէջ նշուած է, որ մարդկային զարգացման բարձր մակարդակով աշխարհին մէջ ներկայիս յառաջատար դիրք կը գրաւեն Նորվեկիան, Աւստրալիան, Շուէտը եւ Գերմանիան։ Զեկուցումը կը բովանդակէ տարբեր երկիրներու մէջ կենսամակարդակի, ընկերային ապահովութեան, առողջապահութեան, բնակչութեան կրթական եւ մշակութային զարգացման մակարդակի, ոճիրի, շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան վիճակին եւ որոշումներու կայացման գործին մէջ անհատներու մասնակցութեան վերաբերեալ տուեալներ։ Մարդկային զարգացման բարձր մակարդակ ունեցող պետութիւններու շարքին կը գտնուին նաեւ Պիելոռուսիան, Ռուսիան, Ղազախստանը, Ազրպէյճանը եւ Ուքրանիան։ Այս երկիրները կը գրաւեն համապատասխանաբար՝ 61-րդ, 65-րդ, 66-րդ, 67-րդ եւ 69-րդ տեղերը։ Թուրքիա կը գրաւէ 83-րդ կարգը ։ Վրաստան կը գրաւէ 74-րդ դիրքը, իսկ Հայաստան՝ 76-րդը։
Ընդհանուր առմամբ ցուցակին վրայ կը գտնուին 169 երկիրներ։ Ցուցակի վերջին դիրքերը կը գրաւեն Նիկերիան, Քոնկոն եւ Զիմպապուէ-ն։ Մարդկային զարգացման ցած մակարդակով պետութիւններու շարքին կը գտնուին 41 երկիրներ։







All the contents on this site are copyrighted ©.