2010-11-08 13:45:21

Լա Սակրատա ֆամիլիա Կոչուած Եկեղեցւոյ Օծումը։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր խնդակցութիւնը յայտնեց Լա Սակրատա ֆամիլիա կոչուած եկեղեցւոյ օծումին համար, ճարտարապետ Անթոնիօ Կաուտիի հանճարեղ ստեղծագործութիւնը ։
Նորին Սրբութիւնը իր խնդակցութիւնը յայտնած է Սպանիա առաքելական ճամբորդութեան առթիւ եւ հրաւիրած է հաւատացեալները որ իրենց ջերմ աղօթքով իրեն ընկերանան։ Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ թէ Սպանիոյ այցելած է որպէս վկայ Յարուցեալ Քրիստոսին եւ հաւատացեալ ուխտաւորներուն հաղորդելու Քրիստոսի խօսքը, որով կարելի է գտնել լոյսը արժանավայելօրէն ապրելու, յուսալու եւ կերտելու լաւագոյն աշխարհ մը։







All the contents on this site are copyrighted ©.