2010-11-08 13:45:34

Եկեղեցական Ընտանիքներու Քարտուղարներու Տարեկան Ժողով:


Անոր կը Մասնակցի նաեւ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը։
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ, 1-4 Նոյեմբեր 2010, գումարուեցաւ եկեղեցական ընտանիքներու քարտուղարներու տարեկան ժողովը, որուն մասնակցեցաւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան (Վարիչ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու):
Ժողովին մասնակից Յոյն Ուղղափառ, Ռուս Ուղղափառ, Հռոմի Կաթողիկէ, Անկլիքան, Լուտերական, Բարեկարգեալ, Մկրտչական, Մեթոտիսթ, Բողոքական եւ Ազատ եկեղեցական գլխաւոր ընտանիքներէ երեսուն ժողովականներ քննարկեցին միջ-եկեղեցական եւ ներ-եկեղեցական յարաբերութիւններուն առնչուած հիմնական հարցեր եւ համաքրիստոնէական հրամայականներ:
Նարեկ Սրբազան իր զեկոյցին մէջ անդրադարձաւ ընդհանրապէս Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Ընտանիքին աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութիւններուն եւ մասնաւորաբար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութիւններու գլխաւոր երեսներուն:
Ժողովի օրերուն, Նարեկ Սրբազան նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի զանազան պատասխանատուներուն հետ:







All the contents on this site are copyrighted ©.