2010-11-07 10:02:25

Սպանիա - Պարչելլոնա։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Ճառերը եւ Հրեշտակ տեառն աղօթքը 


''Այս օրը` նուիրուած Տիրոջ, ձեր Աստուծոյն, սուրբ է, ուստի մի՛ սգաք ու մի՛ լաք ... Տիրոջ ուրախութիւնը` ձեր զօրութիւնն է''։ Նէեմեա մարգարէի խօսքերով կ'ուզեմ ողջունել բոլոր անոնց որոնք այս ս. պատարագին կը մասնակցին։ Իմ սիրալիր ոպղջոյնը կ'ուղղեմ Սպանիայի արքայական ընտանիքին իրենց մասնակցութեան համար, եկեղեցական ու քաղաքացիական իշխանութիւններուն, ինչպէս նաեւ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն։
Այս օրը, ըսաւ Սրբազան Հայրը, նշանակլից օր մըն է որովհետեւ իր մէջ կ'ամփոփէ երկար տարիներու ծրագիրներու եւ աշխատանքի պատմութիւնը։ Օրհնեալ ըլլայ յիշատակը բոլոր անոնց որոնք կարելի դարձուցին շինութիւնը այս մեծղի ծրագիրին եւ մասնաւորապէս յիշենք Անթոնի Կաուտի ծրագրող եւ կեանք տուողը այս հանճարեղ շինութեան։ Ան եղաւ մեծ ճարտարապետ մը, ամբողջ իր կեանքը ապրեցաւ քրիստոնեաբար եւ համեստօրէն։ Այս կառոյցը միաժամանակ ցոլացումնէ 19րդ դարու Գադալանա ժողովուրդին պատմութեան, որ եկեղեցւոյ տուաւ մեծ սուրբեր, հիմնադիրներ, նահատակներ եւ քրիստոնեայ բանաստեղծներ, որ այսօր որպէս բուրումնաւոր ծաղկիներու փունջ մը ընծայ կը ներկայացնենք Տիրոջ այս պատարագին ընթացքին։
Ապա Նորին Սրբութիւնը յայտնեց. Ինծի համար մեծ ուրախութիւն է հանդիսապաետել Լա Սակրատա ֆամիլիա եկեղեցւոյ օծումի պատարգը, քանի այս եկեղեցւոյ շինութիւնը սերտօրէն կապուած է ս. Յովսէփ Աստուածահօր։ Մեծապէս յուզուեցաւ երբ իմացայ թէ Կաուտի իր ամբողջական վստահութիւնը դրած էր ս. Յովսէփ Աստուածահօր վրայ։ Ան` դիմագրաւած բազմապիսի դժուարութիւններու առջեւ, լիավստահ կը բացականչէր. ս. Յովսէփ Աստուածահայրը պիտի լրացնէ տաճարը։ Այս պատճառաւ ի զուր չէ որ մկրտութեամբ Յովսէփ անունով քահանայապետ մը կու գայ օծելու այս եկեղեցին։
Նորին Սրբութիւնը հարց տուաւ թէ ի՞նչ կը նշանակէ եկեղեցի մը օծել։ Այս ծիսակատարութիւնը կը նշանակէ թէ այս սրբազան վայրը Աստուծոյ ընծայցինք, որպէսզի Տէրը ապրի մարդոց հետ։ Պօղոս առաքեալը Կորնթացիներուն ուղղած թուղթին մէջ կը բացականչէ. չէք գիտ՞եր որ դուք Աստուծոյ տաճարներ էք։ Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր այս վայրին մէջ կը միանան Աստուծոյ ճշմարտութիւնը ու մեծվայելչութիւնը մարդու ճշմարտութեան ու արժանաւորութեան հետ։ Մենք այս տաճարը օծելով մարդկութիւնը կը ներկայացնենք Աստուծոյ, որ է բարեկամը մարդու եւ միաժամանակ մարդիկը կը հրաւիրենք Աստուծոյ բարեկամները դառնալու։
Այս տաճարը կառուցուեցաւ նախաձեռնութեամբ ''Ս. Յովսէփի բարեկամները'' կոչուած ընկերակցութեան, որ ուզեցին զայն ընծայել Նազարէթի ս. Ընտանիքին։ Սիրելիներ օծելով այս տաճարը կեանքի Տիրոջմէն կը հայցեմ որ իր արատ շնորհքները զեղու այս քաղաքին ու անոր բնակիչներու վրայ։
Հուսկ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը իր քարոզը եզրափակելով կ'ուզեմ հայցել ձեր վրայ Տիրամօր պաշտպանութիւնը ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց որոնք ապագային այս սուրբ վայրը պիտի այցելեն, թող աղքատները ողորմութիւն գտնեն, հարստահարեալները ճաչնան ճշմարիտ ազատութիւնը ու բոլոր մարդիկը զգենուն Աստուծոյ որդիներու արժանաւորութիւնը։ 



Հրեշտակ տեառն աղօթքը

Սիրեցեալ եղաբյրներ ու քոյրեր,
Երէկ` շաբաթ օրը, Պրազիլի Բորդօ Ալեկրէ թեմին մէջ տեղի ունեցաւ երանացումը Աստուծոյ աղախինը` Մարիա Պարպարայի` հիմնադրուհի Ս. Կոյս Մարիամի իգական միաբանութեան։ Ան խոր հաւատքով ու սիրոյ մեծ նուիրումով ապրեցաւ Յիսուսի ու եղբայրներուն համար, աղօթքս է որ անոր օրինակը նոր սերունդին մօտ յարուցանէ փափաքը ծառայելու Աստուծոյ ու եղբայրներուն։
Ապա Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. Այսօր մեծ ուրախութիւնը ունեցայ օծելու Լա Սակրատա ֆամիլիա եկեղեցին։ Աղօթքս է որ Ս. Ընտանիքին նման հաւատացեալները ճանչնան արժէքը ու արժանաւորութիւնը ամուսնութեան եւ ընտանիքին` յոյսը մարդկութեան։ Յիսուս մեզ սորվեցուց թէ իր խօսքին համաձային ապրելով մաս կը կազմենք իր Ընտանիքին։ Նաեւ մեզի պարտականութիւնը տուաւ ըլլալու եղբայրակցութեան սերմ մը մարդկութեան մէջ։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. այսօր ուրախութիւնը ունիմ հռչակելու Լա Սակրատա ֆամիլիա որպէս կրտցեր պազելիքա։ Անով համայն աշխարհէն եկած այրերն ու կիները առիթը պիտի ունենան հիացումով դիտել պազելիքայի ծննդեան ճակատը։ Մեր աղօթքը բարձրացնենք Աստուածամօր անոր յանձնելով մեր կեանքը ու Եկեղեցին, մինչ Իրմէ կը հայցենք խաղաղութեան պարգեւը բարի կամք ունեցոյ բոլոր մարդոց







All the contents on this site are copyrighted ©.