2010-11-07 08:59:47

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Առաքելական Այցելութիւնը Սպանիա։
Այցելութեան Երկրորդ Օրը` Պարչելլոնա. ՜՜Սակրատա ֆամիլիա՝՝ Եկեղեցւոյ Օծում։


Շաբաթ օրը, երեկոյան ժամը 7-ին՝ Նորին Սրբութիւնը մեկնելով Սանդիակօ Տէ Գամբոսդելլայէն, սրբավայրը՝ ուր ժամանած էր առաւօտուն, մեկնեցաւ Պարչելլոնա ուր ժամանեց ժամը 21.15ին եւ գիշերեց Պարչելլոնայի առաջնորդարանը։

Սանդիակօ Տէ Գամբոսդելլայի սրբավայրի ուխտագնացութիւնը տեւեց 7 ժամ եւ Նորին Սրբութեան Պարչելլոնա կեցութիւնը պիտի տեւէ գրեթէ 23 ժամ։ Այսուհանդերձ այս երկօրեայ առաքելական այցելութիւնը մեծ խորհրդանշական իմաստ մը ունի քրիստոնեայ աշխարհին համար։

Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետը այցելեց Սանդիակօ Տէ Գոմբոսդելլան յարգանք մատուցելու Եւրոպայի Քրիստոնէութեան Առաքեալին։
Աղօթելով անոր դամբանին առջեւ, Սրբազան Հայրը ուզեց վկայել Քրիստոսը ու հրաւիրել Եւրոպան վերագտնելու՝ քրիտոնէական ժառանգութիւնը, ըլլալով հիւրընկալ, զօրակցող եւ խաղաղութեան ցամաքամաս մը։
Այն նոյն աղօթքը որ արտասանուեցաւ եւրոպացի հազարաւոր երիտասարդներու կողմէ հաւաքուած՝ այս նոյն սրբավայրին մէջ`համաշխարհային օրուան յաջորդ օրը` միացած միեւնոյն հաւատքով` երազելով խաղաղ ապագայ մը։
Այս հաւատքն է որ Նորին Սրբութիւնը ուզեց վերակենդանացնել Կալիցիայի սրտին մէջ Յակոբեան Յոբելենական տարւոյն առիթով։

Իսկ Պարչելլոնայի ՜՜Սակրատա ֆամիլիայի՝՝ օծման արարողութեամբ, տեղի ունեցած՝ այսօր, Սրբազան Քահանայապետը կ̓ ուզէ հաղորդութեան սերմը դարձեալ ցանել, իբր տիպար տիեզերական հաւատքի մը եւ Գաթալոնիայի ժողովուրդին մէջ արմատացած հոգեւորականութեան։

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան քահանայապետը ՜՜քահանայապետական յատուկ կառքով՝՝ Սակրատա ֆամիլիա ժամանեց առաւօտեան ժամը 9.30 ուր ընդունուեցաւ Սպանիոյ Թագաւոր Խուան Գարլոս Ա.ի եւ անոր կողակից Սոֆիայի կողմէ` որոնք նաեւ մասնակցեցան Սրբազան արարողութեան որ տեղի ունեցաւ ժամը 10-ին եւ որուն ընթացքին օծման արարողութիւնը կատարուեցաւ։ Աւարտին՝ Կարտինալ Լուիս Մարդինէզ Սիսդաչ, կարդաց Սակրատա ֆամիլիայի ՜՜Մայր Տաճար՝՝ի վերածուելու կոնդակը։

Սակրատա ֆամիլիայի Եկեղեցին, տակաւին շինարարութեան մէջ է, անոր հեղինակը՝ ճարտարապետ Կաուտի մահացաւ 1926 ին ՜՜երկաթուղիի հանրակառքի՝՝ արկածով մը, կիսատ ձգելով այս հանճարեղ ստեղծագործութիւնը։
Շինարարութեան աւարտումը նախատեսուած է 2025ին։ Ամէն տարի ՜՜Սակրատա ֆամիլիա՝՝ եկեղեցին կ՜ այցելեն երկու միլիոն հաւատացեալ։

Պատարագէն ետք Կարտինալներու եւ եպիսկոպոսներու հետ ընթրիքէն ետք՝ Առաջնորդարանին մէջ,Սրբազան Քահանայապետը ժամը 17.45 ին պիտի այցելէ ''Obra Benéfico Social del Nen Déu'' կեդրոնը։
Կեդրոնին մէջ բնակութիւն հաստատած են 3-25 տարեկան շուրջ 250 մտային անկարներ։ Այցելութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը պիտի տեսակցի թերաճներու, անոնց խնամատարներու, ընտանեկան պարագաներու եւ կրօնաւորուհիներուն հետ։
Ապա պիտի օրհնէ իր անունին նուիրուած նոր բնակարանին առաջին քարը ։ Այս կեդրոնը հիմնուած է 1892-ին երանուհի Գարմեն տել Նինիոյի կողմէ, հիմնադրուհին՝ ֆրանչիսքեան ՜՜Յիսուսի Ս. Սրտի՝՝ իգական միաբանութեան։
Այս կեդրոնի այցելութեամբ, վերջ կը գտնէ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի առաքելական ճամբորդութիւնը Սպանիա։
Նորին Սրբութիւնը, Պարչելլոնայի օդակայանը հանդիպում պիտի ունենայ Սպանիոյ Վարչապետին՝ Խոսէ Զաբադերոյի հետ, եւ ողջերթի արարողութենէն ետք կը վերադառնայ Հռոմ ՝ուր պիտի հասնի ժամը 20.55ին։







All the contents on this site are copyrighted ©.