2010-11-07 09:00:00

Պարչելլոնա - ճամբոնցի ճարտարապետ Էդսուրօ Սոդու կաթողիկէ դարձաւ տաշելով Լա Սակրատա ֆամիլիա եկեղեցւոյ քարերը։ Հոն ուր ճարտարապետ Կաուտի կը նայէր, եւ եւս պէտք էր նայիլ։


ճաբոնցի ճարտարապետ, քանդակագործ Էդսուրօ Սոդու` գլխաւոր դերակատարներէն ու պատասխանատուներէն մին Պարչելոնայի Լա Սակրատա ֆամիլիա եկեղեցւոյ շինարարութեան աւարտումին` եղած է հետեւորդ՝ հանճարեղ Antoni Plàcid Guillem Gaudí ի եւ տաշելով՝ Լա Սակրատա ֆամիլիա եկեղեցւոյ քարերը քրիստոնէական հաւատքը ընդգրկած է։
Ան ծնած է 1953ին Ճաբոնի ֆուքուոքա վայրը, նախ հետեւած է Քիոթօյի համալսարանի մէջ գեղարուեստի դասընթացքներուն, ապա ներքին կոչ մը զինք մղած է Եւրոպա երթալու։ 1978ին կը հաստատուի Պարչելոնա ուր իմացած է Լա Սակրատա ֆամիլիա եկեղեցւոյ մասին, ֆրանսական ՜՜Լա Գրուա՝՝ օրաթերթին հետ ունեցած՝ ելոյթին ընթացքին ըսած է. ՜՜գացի եւ անով հրապուրուեցայ՝՝։
30 տարիէ ի վեր ճամբոնցի ճարտարապետ Սոդուն հոն կ'աշխատի դառնալով գլխաւոր գանդակագործ-ճարտարապետներէն մէկը։ Ան մեծ հիացում ունեցած է ճարտարապետ Կաուտիի վրայ, որուն երանացման դատը սկսած է 9 յուլիս 2003ին։ Ուսումնասիրած է անոր կեանքն ու գրութիւնները խորապէս ճանչնալու անոր հոգեւոր կեանքը։
՜՜Իմ աշխատանքի իմաստը հետզհետէ փոխուեցաւ` Կաուտիի հոգեւորութեան մէջ մտայ եւ քրիստոնեայ դարձայ>> յայտարարած է Սոդու։
1998-ին կը մկտրուի ունենալով որպէս կնքահայր Լա Սակրատա ֆամիլիայի Ալմուզարա կաթողիկէ ճարտարապետը։ Նոյնպէս իր կողակիցը դաշնակահարուհի Հիզաքո Հիզեքի եւ իր դուստրը , իրենց կարգին ամենայն ազատութեամբ ուզեցին քրիստոնէութեան հաւատքը ընդգրկել։
Նշենք թէ ճաբոնցի ճարտարապետ Էդսուրօ Սոդու շատ ճանչցուած է Ճաբոնի մէջ։ Ան յղացած է ֆուքուոքա քաղաքին մէջ Մացուզաքի գեղարուեստի թանգարանը եւ հինգ տարրերու հաստատութիւնը։ Ըլլալով հանրածանօթ անձնաւորութիւն մը, կը կանչուի աշխարհի զանազան երկիրներէն, բանախօսելու Լա Սակրատա ֆամիլիայի եւ Անթոնի Կաուտիի մասին։







All the contents on this site are copyrighted ©.