2010-11-07 09:00:25

ՀԱՅԱԶԳԻ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ԴԷՄՔԵՐ
Խորէն Արք. Գալֆայեան (ՆարՊէյ, 1832-1892).


Հայոց յուշատետրի մէջ 4 Նոյեմբերի էջը վերապահուած է հայ հոգեւորականի, մտաւորականի եւ հասարակական գործիչի իւրայատուկ դէմքի մը՝ Խորէն ՆարՊէյ գրչանունով հռչակուած Խորէն Արք. Գալֆայեանի մահուան տարելիցին։

118 տարի առաջ, 4 Նոյեմբեր 1892ին, վաթսուն տարեկան հասակին, Պոլսոյ ոստիկանական կեդրոնի մը մէջ թունաւոր սուրճի միջոցաւ սպաննուելով՝ վախճանեցաւ հայ ժողովուրդի ինքնատիպ այս ներկայացուցիչը, որ ինչպէս իր ժամանակակիցներուն, նոյնպէս եւ հետագայ սերունդներու յիշողութեան մէջ մնայուն տեղ գրաւեց իբրեւ արժէքաւոր, այլեւ վիճայարոյց դէմք մը։

Դժուար է հանդիպիլ հայեցի կազմաւորման տէր հայ մարդու, որ իր մանկութեան օրերէն սորված ու յուզմունքով արտասանած չըլլայ ՆարՊէյի ՝՝Հայ Ապրինք՝՝ խորագրով քերթուածը ..... Հայ ապրինք եղբայրք, մարդկութեան մէջը,
Հայ կնքեր է մեզ պատմութեան էջը.
Հայ անուամբ զմեզ կողջունէ երկինք,
Եղբայրք Հայ ապրինք։

Գալֆայեան Խորէն ծնած էր 1 Հոկտեմբեր 1832ին Կ. Պոլիս։ Ծննդավայրի թաղային վարժարանին մէջ տարրական կրթութիւն ստանալէ ետք, մանուկ տարիքին, եղբօր՝ Ամբոսիոսի հետ ղրկուած էր Վենետիկ, իբրեւ Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանի սան։
Ուսումնական շրջանը աւարտելէ ետք, Խորէն միացաւ Մխիթարեան Միաբանութեան եւ դարձաւ անոր ամէնէն աշխոյժ մտաւորական գործիչներէն մէկը։

Եւրոպական լեզուներուն հմուտ, հայ հոգեմտաւոր ժառանգութեան տիրապետած եւ եւրոպական մշակոյթին սերտօրէն կապուած երիտասարդ վարդապետը շուտով ուշադրութիւն գրաւեց՝ Բազմավէպի էջերուն լոյս ընծայած իր ինքնուրոյն եւ թարգմանական երկերով։ ՆարՊէյ գրչանունը հոմանիշ դարձաւ գեղարուեստական բարձրորակ պատրաստութեամբ խոստմնալից բանաստեղծի մը, որ գրաբարի եւ աշխարհաբարի կամրջման մէջ իր ուրոյն ներդրումը ունեցաւ՝ Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի ազգային-հայրենասիրական շունչով առաջնորդուելով եւ Շէյքսփիրի, Լամարթինի ու Հիւկոյի տարողութեամբ մեծութիւններու լաւագոյն գործերուն հայերէն թարգմանը հանդիսանալով։

Անհանդարտ խառնուածքի տէր անհատականութիւն էր Խորէն ՆարՊէյ, որ երկար չդիմացաւ Մխիթարեան միջավայրին մէջ։ 1854ին, Գաբրիէլ Եպս. Այվազովսքիի (որ Բազմավէպի հիմնադիր խմբագիրներէն եղած էր) գլխաւորած երիտասարդ միաբաններու Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ վերադառնալու շարժման միանալով, Նարպէյ հրաժարեցաւ Մխիթարեաններէն եւ, ընդհանրապէս, Կաթողիկէ եկեղեցիէն ու անցաւ Փարիզ, ուր ոգեւորութեամբ փարեցաւ Այվազովսքիի նախաձեռնած ՝՝Մասեաց Աղաւնի՝՝ հանդէսի հրատարակութեան գործին, միաժամանակ շարունակելով Մխիթարեաններու կողմէ իրեն վստահուած ուսուցչական պաշտօնը Փարիզի Մուրատեան վարժարանին մէջ։

Փարիզեան իր գործունէութեան շրջանին ՆարՊէյ մօտէն ծանօթացաւ ու մտերմացաւ ֆրանսացի գրողներու եւ մտաւորականներու, ինչպէս նաեւ քաղաքական երիտասարդ գործիչներու հետ, որոնց հետ կապ պահպանեց մինչեւ վերջ։ Յատկապէս Լամարթինի մտերիմն էր, որուն Դաշնակք գործը հայերէն թարգմանութեամբ լոյս ընծայեց 1859ին։

1860ականներուն սկիզբը հեռացաւ Փարիզէն եւ գործեց, յաջորդաբար, Թէոդոսիայի, Էջմիածնի ու Երուսաղէմի մէջ, ուր Եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ 1867ին։ Իբրեւ թեմակալ առաջնորդ կարճատեւ շրջան մը Ռումանիա ապրելէ ետք՝ 1870ին փոխադրուեցաւ Պոլիս, ուր ծաւալեց ազգայինհոգեւորական եւ գրականհասարակական բեղուն գործունէութիւն։

ՆարՊէյ 1863ին լոյս ընծայեց իր բանաստեղծական երեխայրիքը՝ Վարդենիքը, որ մէկ կողմէ գրաբարեան արտայայտելաոճի իր կապուածութեամբ, իսկ միւս կողմէ ժամանակի մտայնութեան հետ անհաշտ որոշակի սեռականութիւն (erotism) մատնող յուզաշխարհով տեղիք տուաւ թեր եւ դէմ գնահատականներու։

Իսկ յաջորդաբար 1868ին եւ 1874ին լոյս տեսած իր միւս գործերուն՝ Քնար Պանդուխտի եւ Ստուերք Հայկականք հաւաքածոներուն մէջ, ՆարՊէյ հիմնովին շրջադարձ կատարեց դէպի հայ իրականութեան ազգայինհասարակական վէրքերն ու ցաւերը։ Իբրեւ այդպիսին, 1870ականներուն, Նարպէյի քերթուածները լայն ժողովրդականութիւն գտան յատկապէս նորահաս սերունդին մօտ։

ՆարՊէյ ծաւալեց նաեւ քաղաքական աշխոյժ գործունէութիւն, յատկապէս 18771878ի ՌուսԹրքական պատերազմի ժամանակ, երբ ոչ միայն հանդէս եկաւ Հայկական Հարցի պաշտպանութեան նուիրուած հրապարակային ու ատենախօսական ելոյթներով ու յօդուածներով, այլեւ՝ դիւանագիտական աշխոյժ աշխատանքներով, ցարական իշխանութեանց հայանպաստ դիրքորոշումը ապահովելու առաջադրանքով։ Այդ նկատառումով ալ Խրիմեան Հայրիկ իբրեւ խորհրդական ու թարգման իր Պերլինեան պատուիրակութեան կազմին մէջ առաւ ՆարՊէյը։

Բայց թէ՛ հայ եկեղեցականութեան շարքերուն մէջ իր մրցակիցներուն չարախօսութիւնները եւ թէ ցարական իշխանութեանց կողմէ իրեն հանդէպ ցուցաբերուած մեծարանքները պատճառ դարձան, որ Ապտիւլ Համիտ կասկածելի հռչակէ ՆարՊէյին։ Սուլթանական վերապահութիւնը այնքան խորացաւ, որ Պատրիարքը ստիպուեցաւ կարգալոյծ հռչակել արժանաւոր եկեղեցականին։ Բայց Նարպէյ շարունակեց իր գործունէութիւնը մինչեւ հոն, ուր ֆրանսացի իր մտերիմներուն միջոցաւ հայանպաստ քարոզչութեան ձեռնարկեց եւրոպական տարողութեամբ, ինչ որ Սուլթանի աչքին... բաժակը յորդեցուց։

Եւ 4 Նոյեմբեր 1892ին, լուսաբանական տեսակցութեան մը համար Պոլսոյ ոստիկանութեան կեդրոններէն մէկը հրաւիրուելով ու թունաւոր սուրճով հիւրասիրուելով՝ կտրուեցաւ կեանքի թելը Խորէն Արք. Գալֆայեանի՝ ՆարՊէյի, որ իբրեւ հոգեւորական եւ բանաստեղծ, մանկավարժ ու հասարակական գործիչ, իր ուրոյն պատուանդանը գրաւած էր հայ իրականութեան մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.