2010-11-06 13:24:53

Վատիկանը եւ Սպանիոյ Կառավարութիւնը Լաւ Յարաբերութեան Մէջ Են,


Այսպէս յայտարարած է Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը՝ Յիսուեան հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին, պատասխանելով ՜՜Էլ Բայիս՝՝ սպանական օրաթերթի մէկ հարցումին։
Երկու պետութիւններու հասարակաց շահերը անպակաս են. ինչպէս՝ աշխատանքը խաղաղութեան, Միջին Արեւելքի, Գուպայի։ Պատասխանելով Սպանիոյ աշխարհականացումի մասին, Հայր Լոմպարտին ըսաւ որ ժխտականն է հեռանալ քրիստոնէական արմատներէն։ Սրբազան Քահանայապետը առարկայականօրէն եւ պայծառ տեսութեամբ կը դիտէ մարտահրաւէրները որով կը դիմագրաւէ քրիստոնէական հաւատքը եւ քրիստոնէական տեսութիւնը հայող կեանքի եւ ընկերութեան։
Եթէ այս մարտահրաւէրները գոյութիւն ունին Սպանիա, նոյնպէս եւ գոյութիւն ունին ֆրանսա, կեդրոնական Եւրոպա եւ Իտալիա։
Վատիկանի բանբերը նաեւ յայտնեց թէ՝ Սրբազան Քահանայապետի պատգամը Սպանիոյ բնակիչներուն շատ դրական եւ շինիչ պիտի ըլլայ ոչ միայն կաթողիկէ եկեղեցւոյ համար այլ եւ բոլոր անոնց որոնք կ'ուզեն անսալ անոր։
Նշենք թէ Սրբազան Հօր այցելութիւնը Սպանիա վերջ կը գտնէ ''Obra Benéfico Social del Nen Déu'' կեդրոնին։ Արդարեւ Սրբազան Հայրը կիրակի օրը յետմիջօրէին պիտի այցելէ այս կեդրոնը ուր բնակութիւն հաստատած են 3-25 տարեկան շուրջ 250 մտային անկարներ։ Այցելութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը կը տեսակցի՝ թերաճներու, անոնց խնամատարներու, ընտանեկան պարագաներու եւ կրօնաւորուհիներու հետ։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը կ'օրհնէ առաջին քարը ՜՜իր անունին նուիրուած նոր բնակարանին՝՝։
Յայտնենք թէ այս կեդրոնը հիմնուած է 1892-ին երանուհի Գարմէն տել Նինիոյի` հիմնադրուհին ֆրանչիսքեան ՜՜Յիսուսի Ս. Սրտի՝՝ իգական միաբանութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.