2010-11-06 13:46:49

Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի յայտարարութիւնը Ւրագի ահաբեկիչ գործողութեան մասին։
Կը դատապարտենք այս անարգ ոճիռը


Անգամ մը եւս, Ասորի կաթողիկէ Եկեղեցւոյ անմեղ հաւատացեալ զաւակները թիրախ կը դառնան ահաբեկչական գործողութեան, եւ երկրորդ անգամ ըլլալով «Սայիտաթ Նաժաթ» աթոռանիստ եկեղեցին կ՚ենթարկուի վայրագ ու անմարդկային յարձակումի մը, որուն զոհ գացին աւելի քան յիսուն քրիստոնեայ հաւատացեալներ եւ երեք քահանաներ։

Ուստի մենք կը դատապարտենք այս քստմնելի ոճիռը, որ կ՚ոտնակոխէ ընդհանուր մարդկային ընկերութեան բարոյական արժէքները։ Այս ոճիռը Իրաքի ժողովուրդին, քրիստոնեայ հաւաքականութեան եւ Իրաքի միասնականութեան հարուածի տակ դնող անարգ բայց եւ ապարդիւն փորձերու շղթային մաս կը կազմէ։

Մինչ մենք կը դատապարտենք այս անարգ ոճիռը, միեւնոյն ժամանակ մեր ցաւակցութիւնն ու զօրակցութիւնը կը յայտնենք զոհերու ընտանիքներուն եւ կ՚արտայայտենք մեր խոր մտահոգութիւնը Իրաքի ժողովուրդին, նա մանաւանդ քրիստոնեաներու կացութեան հանդէպ, որոնք կը գտնուին ոճռային խմբաւորումներու մնայուն ազդեցութեան տակ զանազան շրջաններու մէջ։

Քրիստոնէութեան պատմութիւնը վկան է բազմաթիւ հրաշքներու, որոնք կատարուած են քրիստոնեաներու կեանքի ամենադժուար պայմաններուն մէջ՝ հաւատացեալներու նահատակութեան ժամանակ, հաւատքի համբերութեան ամենավառ դրսեւորումներով։

Չենք չափազանցեր եթէ հաստատենք, թէ քրիստոնէական հաւատքը տարածուեցաւ աշխարհին մէջ հաւատացեալներու նահատակութեամբ եւ ոչ միայն աւետարանիչներու քարոզչութեամբ եւ վարդապետութեամբ. նահատակներու արիւնը աճեցուց հաւատքի յունտերը։
Նահատակութիւնը քրիստոնէութեան համար չէ համարուած անխուսափելի անհրաժեշտութիւն մը, այլ գերագոյն արտայայտութիւնն է հաւատքին եւ կառչած մնալուն Աւետարանին, որ գերիվեր է ամէն ինչէն, նոյնիսկ եթէ այդ կը պահանջէ կրել տառապանքներ եւ յանձն առնել մահը հետեւելով Քրիստոսի օրինակին։

Կը ցաւինք եւ կը ցաւակցինք մեր եղբայր ժողովուրդին՝ Ասորի կաթողիկէ յարգելի համայնքին այս ցաւալի ողբերգութեան համար, եւ մեր նահատակներուն կը խոստանանք շարունակել գողգոթայի ճանապարհը եւ պաշտպանել մեր քրիստնեայ ներկայութիւնն ու օրինական իրաւունքները ամբողջ աշխարհի տարածքին, ինչքան ալ հարկաւոր ըլլայ ծանր գին վճառել անոր համար։ Կենդանի Քրիստոսի վարդապետութեամբ, տխրութիւնը կը վերածուի ուրախութեան եւ նեղութիւնը՝ մխիթարանքի։

Աստուած ողորմէ նահատակները, որոնք կը հանգչին յարութեան ընդառաջ, եւ մեր աղօթքը կը բարձացնենք առ Աստուած, որ բնակեցնէ անոնց անարատ հոգիները երկնային արքայութեան մէջ, արդարներուն եւ սուրբերուն հետ։

Դիւան՝
Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի







All the contents on this site are copyrighted ©.