2010-11-05 13:29:08

Սպանիա - Եւրոպան, Ընտանիքը Եւ Գեղարուեստը Առանցքը Կը Հանդիսանայ Քահանայապետի Ուխտագնացութեան։


Պաշտօնապէս Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նոյեմբեր 6-ին եւ 7-ին Սպանիա կը մեկնի որպէս հաւատքի ուխտաւոր։ Ան յաջորդաբար կ'այցելէ Ս. Յակոբ տը Գոմբոսդելա սրբավայրը եւ ապա Պարսելոնա քաղաքը։ Ասիկա Նորին սրբութեան 2010ի՝ հինգերորդ եւ վերջին առաքելական ճամբորդութիւնն է եւ իր գահակալութեան 18-րդ ճամբորդութիւնը։
Սան ճագոմօ տէ Գոմբոսդելայի մէջ Սրբազան հայրը օդակայանին մէջ պիտի ընդունուի թագաժառանք Ասդուրի ֆելիփ եւ Լեդիցիա իշխաններէն, կառավարութեան ներկայացուցիչներէն ու եկեղեցական իշխանութիւններէն։ Ս. Յակոբ Սրբավայրին մէջ Նորին Սրբութիւնը պիտի ընդուինուի աշխարհի զանազան երկիրներէն եկած ուխտաւորներէն։ Նորին Սրբութիւնը պիտի այցելէ աթոռանիստ եկեղեցին։ Ուխտաւորի արարողութիւնը կատարելով պիտի անցնի սուրբ Դուռէն, Սուրբին գերեզմանին առջեւ պիտի աղօթէ եւ պիտի պագնէ Սուրբին արձանը։ Եւ նախքան առաստաղը կախուած 1,5 մեթր բարձրութեամբ եւ 80 քիլօ կշռող՝ բուրվառին շարժման մէջ դնելը, Սրբազան Հայրը հակիրճ քարոզ մը պիտի արտասանէ։
Յետմիջօրէին Նորին Սրբութիւնը բացօթեայ պատարագ պիտի մատուցէ եւ որուն ընթացքին պատգամ մը պիտի ուղղէ Եւրոպային, հրաւիրելով՝ անոր բնակիչները վերագտնելու իրենց քրիստոնէական արմատները։
Նշենք թէ Յակոբեան սուրբ տարին կը հռչակուի ամէն անգամ որ Սուրբ Յակոբին տօնը, 25 յուլիսը՝ կիրակի օր մը հանդիպի։ Այս աւանդութիւնը սկսած է 9-րդ դարուն, երբ յատնաբերուեցաւ սուրբին գերեզմանը Կալիսիայի մէջ։
Երեկոյեան Սրբազան հայրը Պարսելոնայի մէջ պիտի օծէ ՜՜Սուրբ Ընտանիքին՝՝ նուիրուած տակաւին անաւարտ եկեղեցին, գործը ճարտարապետ Անթոնի Կաուտիի։ Թեմին առաջնորդը կարտինալ Լուիս Մարթինէս Սիսդաշ ի լուր Սրբազան Քահանայապետին Պարսելոնա այցելութեան, յայտարարած է թէ՝ Լա Սակրատա ֆամիլիա՝ ՜՜Սուրբ Ընտանիք՝՝ եկեղեցին, խորհրդանիշն է Պարսելոնա քաղաքին եւ գրանցուած է իբրեւ մարդկութեան համաշխարհային ժառանգութիւն ։ Անիկա նկատուած է տաճար՝ գեղարուեստական, աստուածաշնչական, աստուածաբանական, հոգեւոր եւ կրօնուսուցումի իմաստով։
Լա Սակրատա ֆամիլիա եկեղեցին աշխարհի մէջ եզակի է։
Պատարագէն առաջ Սրբազան Հայրը հանդիպում պիտի ունենայ արքայական զոյգին հետ եւ պատարագին աւարտին Նորին Սրբութիւնը եկեղեցին պազելիքայի կարգին պիտի դասէ։ Նախքան հրաժեշտ առնելը Սպանիայէն, Սրբազան Քահանայապետը պիտի տեսակցի երկրի վարչապետ՝ Խօսսէ Զաբադերոյի հետ, Պարսելոնայի օդակայանին մէջ։



 







All the contents on this site are copyrighted ©.