2010-11-05 13:28:57

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայյապետին Գործունէութիւնը։


Ուրբաթ 5 նոյեմբեր 2010-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց Պրազիլի եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի խումբ մը վիճակաւորներ եկած՝ կատարելու հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Պրազիլի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ համահաւաք դասը կազմուած է 17 եկեղեցական գաւառներէ եւ այս տարեշրջանի ընթացքին (2010/2011-ին) նախատեսուած է հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Նշենք որ Պրազիլի եկեղեցւոյ Համահաւաք դասը կը կազմէ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ թիւով աշխարհի մեծագոյն նուիրապետութիւնը



Վաղը Պրազիլի Բորկօ Ալլէկրէ-ի մէջ, տեղի պիտի ունենայ Աստուծոյ Աղախին ՜՜Սուրբ Երրորդութեան՝՝ Միաբանութենէն՝ Մայր Մարիա Պարպարայի Երանելիութեան արարողութիւնը, նախագահութեամբ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան քահանայապետի ներկայացուցիչ՝ Քահանայապետական Սուրբերու դատի Ժողովի նախագահ Արքեպիսկոպոս Անճէլօ Ամաթոյի։








All the contents on this site are copyrighted ©.