2010-11-05 13:19:02

Մշակոյթի Քահանայապետական Խորհուրդի Ժողով (10-13 Նոյեմբեր) Գործօն Առաջարկներու Ներկայացում Եկեղեցւոյ Աւետարանական Առաքելութեան Ի Սպաս։ Ժողովին Նիւթն Է. ''Հաղորդակցութեան Մշակոյթ Եւ Նոր Բարբառներ''։


Մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի լիանիստ ժողովին նպատակն է կեդրոնանալ ժամանակակից մշակոյթի, բարբառի ու արտայայտութիւններու գործածութեան, ուսումնասիրել պատշաճ միջոցները գտնելու աւետարանական առաքելութեան համար։ Աշխատանքները պիտի կատարուին Հռոմի քաղաքապետարանը, ներկայութեամբ՝ գերապայծառ Ռավազիի եւ Հռոմի քաղաքապետ Ճաննի Ալեմաննոյի։ Նոյեմբեր 3-ին Վատիկանի մամլոյ գրասենեակին մէջ ներկայացումը պիտի կատարուի վերոյիշեալ ժողովին ինչպէս նաեւ պիտի ներկայացուի կարտինալ Ժոզէֆ Ռազինկերի ամբողջան գրութիւններու գերմաներենով հրատարակուած 12-րդ հատորը։







All the contents on this site are copyrighted ©.