Անուշաւան Տէր Ղեւոնդեան Անուշաւան Տէր Ղեւոնդեան ծնած է Թիֆլիս 1887-ին, ուր եւ ստացած
է իր նախնական ուսումները, ինչպէս նաեւ սորված է երաժշտագիտութիւն` տեղւոյն երաժշտական
Ուսումնարանին մէջ։ Ապա կը գտնենք զինք Սան Փեթերսպուրկ, ուր 1915-ին կ՛աւարտէ իրաւաբանական
մասնաճիւղը, միեւնոյն ատեն յաճախելով նաեւ կայսերական քաղաքի երաժշտանոցը, ուր ունեցած
է բազմաթիւ անուանի ուսուցիչներ. Լիադով, Գլազունով, Կալաֆատի, Շթայնպերկ եւ ուրիշներ։
Նախապէս գործակցած է Սպիրիտոն Մելիքեանի եւ միասին հրատարակած են Շիրակի շրջանի ժողովրդական
երգերու եւ պարերու կտորներ։ Այս ուսումնասիրութիւններու հիման վրայ, հետագային ստեղծած
է հայկական երաժշտութեան առաջին սիմֆոնիկ գործերէն մին, որ է Շիրակի Էդիւտները, 1916-ին։
Ջանացած է իւրացնել թէ հայկական թէ ռուսական ժողովուրդներու դասական երաժշտութեան աւանդութիւնները,
ստեղծելով իւրայատուկ ոճ մը երաժշտական ստեղծագործութեան մէջ։ 1917-1925 կը դասաւանդէ
Թիֆլիսի մէջ, նիւթ ունենալով երաժշտութեան տեսական բաժինը, ինչպէս նաեւ երաժշտական գործիքներու
վերաբերեալ գիտութիւնը։ Ապա կ՛անցնի Երեւան, ուր բացի դասաւանդելէ երաժշտութեան պատմութիւնը,
տեսութիւնը եւ դաշնաւորումը, 1926-էն մինչեւ մահը, եղած է նաեւ խմբավար Երեւանի պետական
Անսամպլի, 1926-1930։ Չորս տարի մեկնած է Պաքու, Ազրպայճան, հոն եւս կարգուելով խմբավար
տեղւոյն Երաժշտանոցին, 1934-1938։ Տէր Ղեւոնդեան մահացած է Երեւան 6 Յունիս 1961-ին,
ձգելով մեծ համաբաւ վարպետ երաժշտագէտի, մանաւանդ մանկավարժական գետնի վրայ։ Իր երաժշտական
գործերը Տէր-Ղեւոնդեան կ՛օգտագործէ ընդհանրապէս դիւցազներգական ոճը, ընդելուզուած
քնարականին հետ. Շատ հաճելի համերգներ հրամցուցած է իր կեանքի ընթացքին բոլոր Կովկասեան
ազգերու պատկանող ժողովուրդներուն անխտիր։ Հեղինակ է Սեդա օփէրէթին, ներշնչուած Լեւոն
Շանթի մէկ գրուածքէն (1922)։ Ունի նաեւ Արեգակի ցոլքերում Օփերա-Պալլէթը, բեմադրուած
Երեւան 1949-ին։ Իր օփերաներն են. Հրօ Հարսը ըստ Ճապարլիի, գրուած 1936-ին. Անահիտ,
ըստ Ղազարոս Աղայեանի, գրուած 1940-ին։ Ունի նաեւ Պալէթներ. Աղթամար եւ Վահագնի Ծնունդը,
ճոխացուած բանաստեղծական ասմունքներով (Վոքալիզ)։ Ընդհանրապէս ինքն է որ կը ղեկավարէր
իր ստեղծագործութիւնները բեմի վրայ եւ յաջող ելոյթներով կը խանդավառէր հանդիսատեսները։
Մեծ ազդեցութիւն ունեցած է նաեւ նորահաս սերունդի երաժշտական արուեստի գծով դաստիարակութեան
ու բարգաւաճման մէջ. որպէս ուսուցիչ` ջամբած է իր գիտութիւնը բոլորին անխտիր։ Անուշաւան
Տէր-Ղեւոնդեան հրատարակած է գրքոյկ մը 1933-ին, նուիրուած Ռիչարտ Վակների։ Իր գործն է
նաեւ Երաժշտութեան տարրական Թէորիայի դասագիրքը, բազմիցս հրատարակուած եւ գործածուած
որպէս դասագիրք երաժշտութեան եւ դաշնաւորումի։ Իր դաստիարակչական դերը դրական մեծ արդիւնք
ունեցաւ, հասցնելով երաժշտագէտներու սերունդներ Հայաստանի մէջ։