2010-11-04 13:17:08

Քրիստոնեայ-Իսլամ Երկխօսութիւնը Եւ Գործակցութիւնը Հրամայական Է,Առաջքը Առնելու՝ Պաղտատի Եկեղեցւոյ Դէմ Գործուած Ահաբեկչական Արարքներուն. Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոսը


Դատապարտելով  Նոյեմբեր մէկին Պաղտատի ասորի կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած՝ ահաբեկչական արարքը, Արամ Ա. Կաթողիկոս շեշտեց ՜՜հրամայական անհրաժեշտութիւնը նոր թափ տալու Քրիստոնեայ-Իսլամ երկխօսութեան ու գործակցութեան։ Արդարեւ՝ թէ՜ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին եւ թէ՜ ասորի կաթողիկէ հոգեւոր պետին իր գրած նամակներուն մէջ, Վեհափառը իր ցաւն ու ընդվզումը յայտնեց ահաբեկչական յիշեալ արարքին նկատմամբ, որ աւելի քան 50 անմեղ զոհեր խլեց։

Անդրադառնալով Վատիկանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան նուիրուած Սինոտին, Վեհափառը շեշտեց քրիստոնէական միութեան ու միացեալ վկայութեան հրամայականը։ Ան ըսաւ որ՝ ՜՜ՙՀակառակ բոլոր տեսակի դժուարութիւններուն, Քրիստոնէութիւնը Միջին Արեւելքի հողին, մշակոյթին ու պատմութեան կը պատկանի։ Ան դարեր շարունակ գոյակցած է իսլամութեան հետ ու պիտի շարունակէ բերել իր ամբողջական մասնակցութիւնը՝ շրջանէն ներս ամբողջական խաղաղութեան հաստատման ու Միջին Արեւելքի յառաջդիմութեան։

  








All the contents on this site are copyrighted ©.