2010-11-04 13:16:13

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Համապատարագ Սուրբ Պետրոս Մայր Տաճարին մէջ, 2010 Տարւոյն Ընթացքին Վախճանած՝ Կարտինալներու Եւ Եպիսկոպոսներու Հոգիներուն Համար:

Հինգշաբթի 4 նոյեմբեր 2010-ի՝ Ժամը 11.30-ին Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Մայր Տաճարին մէջ, մասնակցութեամբ՝Կարտինալական Դասի անդամներուն` Uրբազան Քահանայապետը գլխաւորեց համապատարագը, այս տարւոյն ընթացքին մահացած՝ Կարտինալներու եւ եպիսկոպոսներու հոգիներուն համար։

Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ քարոզ մը արտասանեց որը սկսաւ՝ Կողոսացիներու թուղթէն քաղուած այս հատուածով ՜՜քանի որ Քրիստոսի հետ Յարութիւն առիք, փնտրեցէք ինչ որ ի վերուստ է՝՝ այս խօսքերը` ըսաւ ան` կը հրաւիրեն մեզ մեր աչքերը սեւերելու երկնային իրողութեան։

՜՜Փնտրել ինչ որ ի վերուստ է՝՝ չի նշանակեր որ քրիստոնեան պէտք է անտեսէ երկրային պարտականութիւնները, այլ պէտք չէ որ անոնց մէջ կորսուի։

Պէտք է աշխատիլ, ու արժանի հանգիստն ալ ունենալ, բայց առանց կաշկանդումի, այն համոզումով որ՝ այս աշխարհի մէջ ճամբորդ ուխտաւորներ ենք, օտարականներ ուղղուած դէպի յաւիտենականութիւն։

Այս ուղեւորութեան աւարտին հասան մեր շատ սիրեցեալ եւ երջանկայիշատակ եղբայր կարտինալները, եպիսկոպոսներն ու արքեպիսկոպոսները։ Այս սուրբ զոհի ընթացքին կ՛ուզենք յիշել զանոնք որպէսզի Ամենաբարին Աստուած զիրենք ընդունի իր արքայութեան մէջ։

Մեր այս եղբայրները եղան տիպար առաքեալներ, հովուապետեր ու Աստուծոյ խօսքին ծառաներ։

Յաւիտենական կեանքի դուռը բացուեցաւ Յիսուսի Զատիկով եւ մեր հաւատքի միջոցաւ է որ կը ձգտինք անոր։

Եզրափակելով իր քարոզը Սրբազան Քահանայապետը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած խնդրելով որ ՜՜ննջեցեալ եկեղեցականները ընդունի իր արքայութեան մէջ ու անոնց ճաշակել տայ իր քաղցրութիւնը եւ բարեգթութիւնը՝՝։

Եւ մենք, ըսաւ նորին սրբութիւնը, ուղեւորներս դէպի վերին Երուսաղէմ, լռութեամբ եւ յոյսով սպասենք Աստուծոյ փրկչագործութիւնը ընթանալով բարիի ճանապարհին վրայ ու հայցելով Աստուծոյ շնորհքները, յիշելով որ այս երկրի վրայ, մենք չ՛ունինք մնայուն բնակարան մը, ուստի փնտռենք հանդերձեալ բնակարանը։ Ամէն








All the contents on this site are copyrighted ©.