Հայկական Պատարագներ Վալենսիոյ Կաթողիկէ Եկեղեցիներուն Մէջ
ՎԱԼԵՆՍԻԱ (Սպանիա).- Վերջերս, Սպանիոյ հայաշատ շրջաններու կաթողիկէ եկեղեցիներուն մէջ
սկսած են հայկական պատարագներ մատուցուի: Քաթալոնիոյ Գալոնժէ շրջանին մէջ հաստատուած՝
Սպանիոյ եւ Փորթուկալի թեմերու հայրապետական պատուիրակ Սասուն Ծ. վրդ. Զմրուխտեանի համար,
այս եւ այլ կազմակերպչական խնդիրներու առկայութեան լոյսին տակ, բնաւ դիւրին չէ կատարել
ամէնօրեայ ծառայութիւն: Այնուհանդերձ, ամսուան չորս Կիրակիները բաժնելով սպանական այն
քաղաքներուն վրայ, ուր այժմեան դրութեամբ բազմաթիւ հայ ընտանիքներ կ՛ապրին, հոգեւոր հայրը
հնարաւոր դարձուցած է պատարագ մատուցել հաւատացեալներուն, իրենց բնակութեան վայրին մէջ: Առ
այդ, ամսուան առաջին Կիրակի օրը ան կը գտնուի Պարսելոնա, երկրորդը՝ Վալենսիա, երրորդը՝
Մատրիտ, իսկ չորորդը՝ Ալիքանթէ: Նշուած բոլոր վայրերուն մէջ պատարագները կը մատուցուին
կաթողիկէ եկեղեցիներու մէջ: