2010-11-04 13:11:08

Հայաստան Այսօր Պաքուին Կը Յանձնէ Սահմանախախտ Ազրպէյճանցին ։


Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ այսօր հայ-ազրպէյճանական շփման գօտիի հիւսիս-արեւելեան սահմանին վրայ՝ Իջեւան-Ղազախ ճամբու հատուածին մէջ, ազրպէյճանական կողմին պիտի յանձնուի 2010 թուականին Հայաստանի սահմանը ապօրինի կերպով անցած եւ այժմ Հայաստանի մէջ գտնուող Ազրպէյճանի քաղաքացին։ Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ սահմանախախտ ազրպէյճանցին իր երկրին պիտի յանձնուի 27 հոկտեմբերին Աստրախանի մէջ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութեան հիման վրայ։ Միւս կողմէ, Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար, բանակի հրամանատար Մովսէս Յակոբեան նախանցեալ օր ընդունեց Կարմիր Խաչի Միջազային կազմակերպութեան Ղարաբաղի ներկայացուցչութեան տնօրէն Սոֆի Փակսլին։








All the contents on this site are copyrighted ©.