2010-11-03 12:42:46

Քահանայական Ձեռնադրութիւն Երեւանի Սբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Մէջ։


Երեւանի Սբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, 31 Հոկտեմբերին հանդիսապետութեամբ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, Սբ Պատարագ մատուցուեցաւ, որուն ընթացքին, ձեռամբ՝ Մկրտիչ եպս Պռոշեանի տեղի ունեցաւ քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում։
Մկրտիչ եպս Պռոշեան, քահանայութեան կոչեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի 16 նորընծայ սարկաւագները։ Սրբազանը սբ. միւռոնով օծեց անոնց ճակատներն ու ձեռքերը, շնորհելով հոգեւոր նոր անուններ։ Այնուհետեւ ձեռնադրող Սրբազանը յաւուր պատշաճի քարոզ արտասանեց։ Իր ոգեշունչ քարոզին մէջ, իր խօսքը ուղղելով նորօծ հոգեւորականներուն Մկրտիչ Սրբազանը ըսաւ ''Աստուծոյ արդարութիւնը գործող զօրութիւն մըն է, իրական ուժ, որ կը գործէ մարդու կամքէն անկախ եւ իրականանին ո՛չ ուշ, ո՛չ շուտ, այլ ճիշտ ժամանակին, այսինքն՝ դուք որպէս Աստուծոյ ապագայ մշակներ, աստուածային խօսքի թարգմանիչներ էք, եթէ սերմանէք Տիրոջ արդարութեան սերմերը մեր ժողովուրդի սրտերուն մէջ, մեր եկեղեցին եթէ ոչ այսօր, ապա վաղը անպայման պիտի դառնայ ալեկոծ ովկիանոսի մէջ անխորտակելի սիւն, որմէ, ամէն հայ իր պարանը կը կապէ փոթորիկէն փրկուելու համար։ Եթէ հաւատարմօրէն պահէք Աստուծոյ արդարութիւնը ձեր եւ ձեր նմաններու մէջ, Ան եւս անմահ կը պահէ ձեզ եւ ձեր ժողովուրդը։
Այս սուրբ սեղանին առջեւ կ՝աղօթենք, որ Երկնային Հայրը զօրավիգ ըլլայ մեր եկեղեցւոյ զինուորեալ մշակներուն այսօր, վաղը եւ յաւիտեան։
Այնուհետեւ Վեհափառին առաջնորդութամբ Մայր Աթոռի միաբանները բարձրացան Ս Խորան, համբուրելով քահանաներու միւռոնաբոյր ճակատներն ու ձեռքերը։







All the contents on this site are copyrighted ©.