2010-11-03 12:40:59

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Ընդհանուր Ունկնդրութիւնը։


Նորին Սրբութիւնը Խօսեցաւ ՜՜Կնոջ Դերը Եկեղեցւոյ Մէջ՝՝ Նիւթին Մասին։
Չորեքշաբթի 3 նոյեմբերին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի աւելի քան հինգ հազար ուխտաւորներուն, որոնք խմբուած էին ՜՜Պօղոս Զ՝՝ի անուան սրահին մէջ։
Նորին Սրբութիւնը շարունակելով իր խորհրդածութիւնը ՜՜Կնոջ դերին եկեղեցւոյ մէջ՝՝նիւթին մասին, ներկայացուց ֆրանսացի սրբուհի Մարկերիթ տ'Ուանը։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
Սրբուհի Մարկերիթ տ'Ուանը, ծնած Լիոնի շրջանը 1240-ին, մեզ կը ներմուծէ Շարդրի մենաստանի հոգեւորութեան, ապրուած ու առաջարկուած սուրբ Պրունոյէն։
Սրբուհի Մարկերիթ տ'Ուանը շատ զարգացած, հաւասարակշիռ եւ իմաստուն տիկին մըն էր։ Իր մեծաւորութեան տարիներուն, ան գիտցաւ իր հոգեւոր կեանքը ի սպաս դնել միաբանակից քոյրերուն։ Մեծ միսթիք անձ մը եղած է, ան այս աշխարհի հարստութիւնները կը նկատէր որպէս խեղճութիւն եւ աղքատութիւն։ Ամէն ինչ թողուց որպէսզի ամբողջովին ինքզինք տայ Քրիստոսին։ Իմաստութեամբ եւ ուղղամտութեամբ՝ իր կեանքը նկատեց, որպէս ճանապարհ մը մաքրազտումի, Քրիստոսի հետ նոյնանալու համար։ Իղձերով լեցուն եւ միաժամանակ գիտակից իր սահմանափակ ոյժերուն, մեզի կը սորվեցնէ թէ ամէն անհատ կանչուած է որ Աստուծոյ հետ ապրի սիրոյ սքանչելի պատմութիւն մը։ Քրիստոսի անհուն սէրը մեզի հանդէպ, թող մղէ ամէն անհատ համապատասխանելու այդ սիրոյն, իր կեանքը տալով Աստուծոյ ու եղբայրներուն։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց ըսելով. Իրեն նման աշխատինք ըսել. ՜՜ով քաղցր Տէր Յիսուս,ամէն բանի համար որ դուն ըրիր իմ սիրոյն ու մարդկային ազգին համար, զիս կը մղէ միշտ աւելի սիրելու քեզ ։
Այս խորհրդածութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները, մաղթելով որ Սրբուհի Մարկերիթ տ'Ուանը խթանէ ամէն քրիստոնեայ ճանչնալու եւ սիրելու Յիսուսը եւ անոր Մայրը Մարիամ, որպէսզի մեր կեանքը դնենք Աստուծոյ ու եղբայրներուն ծառայութեան։ Բարի ուխտագնացութիւն կը մաղթեմ բոլորին եւ Տէրը օրհնէ ձեզ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, հուսկ հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանադներուն եւ նորապսակեալներուն յիշեցնելով թէ նոյեմբերին սկիզբը եկեղեցին կը յիշատակէ ամենայն սրբոց տօնը եւ մեռելոց օրը։ Այս բարեպատեհ յիշատակութիւնները, աւելցուց ան, թող առիթ ըլլան խորհրդածելու մեր կեանքի ճշմարիտ նշանակութեան եւ յաւիտենականութեան իմաստին վրայ։
 







All the contents on this site are copyrighted ©.