2010-11-03 13:19:44

??Նախագահ Սարգսեան Կ՝ընդունի Քանատայի Նոր Դեսպանը։


Հայաստանի մէջ Քանատայի նոր նշանակուած արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճոն Քեպըրն Սլոան (Նստավայրը՝ Մոսկուա) իր հաւատարմագիրները յանձնեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին։ Նախագահը շնորհաւորեց դեսպանը Հայաստանի մէջ դիւանագիտական իր աշխատանքին սկսելու առիթով եւ յաջողութիւն մաղթեց։ Երկու կողմերը ընդգծեցին Հայաստանի եւ Քանատայի միջեւ առեւտրական- տնտեսական, մշակութային, տեղական ինքնակառավարման եւ այլ մարզերու մէջ համագործակցութեան ներուժը ամբողջութեամբ օգտաործելու՝ անհրաժեշտութիւնը։ Զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին նաեւ քանատահայ համայնքին դերը հայ-քանատական յարաբերութիւններու սերտացման գործին մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.