2010-11-03 12:42:38

Կոմիտաս Վարդապետի Մահուան 75-ամեակին Նուիրուած Համերգ։


Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Հայ կաթողիկէ Ներսէս Պետրոս ԺԹ պատրիարքին, կիրակի, 31 հոկտեմբերին երեկոյեան ժամը 7։00-ին տեղի ունեցաւ Կոմիտաս վարդապետի հայ հոգեւոր եւ ժողովրդական երգերուն նուիրուած համերգ, կատարողութեամբ՝ Կռունկ երգչախումբին՝ խմբավար դոկտ Էտուար Թորիկեան, եւ Առաքելոց երգչախումբի՝ խմբավար Գրիգոր սրկ Ալլոզեան։
Առաքելոց երգչախումբը երգեց Խորհուրդ խորին, Անձինք նուիրեալք, Սուրբ սուրբ, Որդի Աստուծոյ շարականները, յատկանշական էր Կոմիտասի քիչ երգուած մանուկներու յատուկ Հայր մերի մեկնաբանութիւնը։
Խմբավար Գ Ալլոզեան յայտնեց, որ Կոմիտաս վարդապետ Քրիստոսի նման ունէր առաքեալներ։ Իր սաներուն մէջէն ամենաարժանին Բարսեղ Կանաչեանն էր, որ Լիբանանի մէջ ունեցած է բեղուն գործունէութիւն եւ այս առիթով ան ողջունեց Բ Կանաչեանի դուստր Սեդա Կանաչեան-Թիւսիզեանը, որ ներկայ էր ելոյթին։
Յայտագրի երկրորդ բաժինով Կռունկ երգչախումբը խմբավարութեամբ' դոկտ Էտուար Թորիկեանի մեկնաբանեց Կոմիտաս վարդապետի աշխարհիկ երգերը։ Երգացանկը ունէր տարբեր բաժիններ, սիրային պատկերներ, ինչպէս Էս գիշեր լուսնակ գիշեր, Հաբրբան, նաեւ հարսանեկան երգերու շարք մը' Երկնից, գետնից, Մերիկ ճան, Թագւորի մեր դու սարի եւ այլն։ Երրորդ բաժնին մէջ ներառուած էին ժողովրդային երգեր՝ Հովն անուշ, Ալագեազ աչերդ եւ Հոտալլօ ճան։
Ելոյթի աւարտին զոյգ երգչախումբերը կատարեցին Ել ել երգը։
Գ Ալլոզեան ըսաւ որ ՜՜՜այս կտորը կը նուիրէ մեզմէ առյաւէտ բաժնուած լիբանանահայ խմբավարներուն, ի մասնաւորի՝ Գէորգ Գանտահարեանին, որ իր երգացանկին մէջ միշտ կը ներառէր Կոմիտաս վարդապետի երգերէն։
Յայտագիրը փակուեցաւ Հայր մերով՝ զոյգ երգչախումբերուն կատարողութեամբ։ Երաժշտական երեկոն իր աւարտին հասաւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ պատրիարքի Պահպանիչով։







All the contents on this site are copyrighted ©.