2010-11-03 13:09:47

էՋ ՄԸ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ.
ԱԿՆԱՐԿ ՄԸ՝ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ.


1923էն սկսեալ Արեւմտահայ գրականութիւնը կրնանք անուանել Սփիւռքահայ գրականութիւն, մանաւանդ որ անոր գլխաւոր թեման կը մնայ Սփիւռքը, օտարին հետ հանդիպումը եւ հայրենիքի կարօտը: Անշուշտ իւրայատուկ տեղ ունի Թրքահայ, մասնաւորապէս՝ Պոլսահայ գրականութիւնը, որ բաւականին ինքնատիպ է:
Իրան կամ Պարսկաստան: Պարսկահայերը իրենց Արեւելահայ գրական լեզուով նախապէս մաս կը կազմէին Արեւելահայ զանգուածներուն: Օրինակ Ռաֆֆի մեծ վիպասանը, Պարսկահայ էր, իր սկզբնական կարգ մը գործերը գրած էր Պարսկաստանի մէջ և կը նկատուի Արեւելահայ գրող: Հայսատանի պետականացումէն ետք Պարսկաստանը իր կարգ մը կեդրոններով /Նոր Ջուղա, Թաւրիզ, Թեհրան/ դարձաւ սփիւռքահայ ինքնուրոյն կեդրոններէն մէկը, որուն արմատները դարերու խորութիւն ունէին , հետեւաբար կրթական ,մշակութային եւ գրական աւանդութիւններ ունեցող գաղութ մըն էր:

Պարսկաստանի կարգ մը շրջաններու մէջ արտահոսք տեղի ունեցաւ դէպի մեծ քաղաքներ ՝ Թաւրիզ,Թեհրան , բոլորովին հայութենէ պարպելով այդ քաղաքները :Վերջին տասնամեակներուն Իրանի մէջ տիրող քաղաքական ծանր պայմանները իրենց ժխտական անդրադարձը ունեցան նաեւ հայ կեանքի վրայ: Այսուհանդերձ Իրանահայութիւնը (յատկապէս գրականութեան մէջ ) շարունակեց զարգացնել հինէն ժառանգած գրական աւանդները:
Բազմաթիւ գրողներէն յիշենք բանաստեղծներ «Դեր» Մարգար Ղարաբէկեան եւ Արամ Գարոնէ:

Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք զանազան երկիրներէ տարբեր ուղղութիւններով մտաւորական տեղաշարժ տեղի ունեցաւ . այդ պատճառով ալ կարելի չէ յաճախ գաղութային պատկանելիութիւնը որոշել կարգ մը գրագէտներու , օրինակ՝ արձակագիր Վահրամ Մավեանի , բանաստեղծ Վահէ Օշականի , բանաստեղծուհիներ՝ Ալիսիա Կիրակոսեանի եւ Վեհանուշ Թէքէեանի եւ շատ ուրիշ գրագէտներու:







All the contents on this site are copyrighted ©.