2010-11-02 13:55:26

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Ուխտագնացութիւնը Սպանիոյ Սան Ճագոմօ Տէ Գոմբեսդելլա Սրբավայրը 6-7 Նոյեմբեր։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կը պատրաստուի, երկրորդ անգամուան համար, առաքելական ճամբորդութիւն կատարել Սպանիա, ուխտագնացութիւն կատարելու՝ Սան Ճագոմօ տէ Գոմբեսդելլա սրբավայրին եւ պատարագ մատուցելու Պարսելլոնայի ՜՜Ս. Ընտանիք՝՝ աշխարահռչակ եկեղեցւոյ մէջ։
Վատիկանը հրապարակած է Սրբազան Հօր 18-րդ ճամբորդութեան օրակարգը.
6 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 8,30ին քահանայապետական օդանաւը Հռոմի միջազգային օդակայանէն թռիչք կ'առնէ դէպի Սան Ճագոմօ տէ Գոմբեսդելլա ուխտավայրը։
Նորին Սրբութիւնը իր առաջին ճառը պիտի արտասանէ բարիգալուստի արարողութեան ընթացքին, ներկայութեամբ՝ թագաժառանգ իշխան ֆիլիփին եւ անոր կողակիցին` Լեդիցիա Օրդիցի։ Ապա պիտի ուղղուի Ս. Յակոբի սրբավայրը ու թեմի առաջնորդարանին մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ Սպանիոյ եպիսկոպոսական դասին գործադիր կոմիտէին հետ։
Յետմիջօրէին, Նորին Սրբութիւնը պիտի հանդիսապետէ բացօթեայ յոբելեան ս. պատարագը Աթոռանիստ եկեղեցւոյ հրապարակը։ Նշենք թէ Ս. Յակոբի յոբելինական տարին կը հռչակուի ամէն անգամ որ Ս. Յակոբ առաքեալի տօնը՝ 25 յուլիս հանդիպի կիրակի օրուայ։
Ծիսակատարութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը պիտի ուղղուի Գաթալոնիայի վարչական եւ տնտեսական մայրաքաղաքը` Պարսելոնա քաղաքը։
Յաջորդ օրը` 7 նոյեմբերի՝ առաւօտեան ժամը 9.30ին, Նորին Սրբութիւնը հանդիպում պիտի ունենայ թագաւորական զոյգին հետ ՜՜Խուան Գարլոս արքայի եւ Սոֆիա թագուհիին հետ՝՝ Ս. Ընտանիքի անուան եկեղեցւոյ թանգարանի սրահին մէջ։
Նոյնպէս Նորին Սրբութիւնը կարճատեւ հանդիպում մը պիտի ունենայ նախարարապետ Լուիս Զաբադերոյի հետ։
Ժամը 10-ին, Նորին սրբութիւնը ՜՜Ս. Ընտանիք՝՝ի անուան Եկեղեցւոյ մէջ պիտի գլխաւորէ համապատարագը։
Նշենք թէ այս եկեղեցին մաս կը կազմէ մարդկութեան համաշխարհային ժառանգութեան։ Անոր կառուցման առաջին հանգրուանը սկսաւ 1883-ին. այս թուականէն սկսեալ՝ բազմաթիւ ճարտարապետներ շարունակեցին ճարտարապետ՝ Անթոնի Կաուտիի գործը։Կարգ մը գնահատումներու համաձայն Սրբազան Հօր պատարագէն ետք եկեղեցին Պազելիքա պիտի դառնայ։
Պատարագին աւարտին Նորին Սրբութիւնը Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը պիտի արտասանէ։Յետմիջօրէին, նախքան Հռոմ վերադառնալը, Սրբազան Հայրը պիտի այցելէ քաղաքի բարեսիրական կեդրոնը, յատկապէս նուիրուած՝ անկարներուն։
Նշենք թէ՝ Սրբազան Հօր այս ուխտագնացութեան առթիւ, ոչ մէկ քաղաքական հանդիպում նախատեսուած է։
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը առաջին անգամ Սպանիա գնաց Վալենսիայի՝ ՜՜ ընտանիքի համաշխարհային հանդիպումին՝՝ ընթացքին, 2006-ի յուլիսին.
Իսկ՝ 2011-ի օգոստոսին նախատեսուած է Նորին Սրբութեան երրորդ այցելութիւնը Սպանիոյ մայրաքաղաքը` Մատրիտ, երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան առթիւ։







All the contents on this site are copyrighted ©.