2010-11-02 13:56:55

Արամ Ա կաթողիկոս Արքութեան Պատիւ Եւ Տիտղոս Շնորհեց Տիրայր Եւ Նարեկ Սրբազաններուն։


Հայ մշակոյթի ամսուան առիթով, կիրակի, 31 հոկտեմբեր 2010-ին, Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ մատուցուած պատարագի աւարտին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոս Հայրապետական կոնդակաւ Արքութեան պատիւ եւ տիտղոս շնորհեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն, Մատենադարանապետ Տիրայր եպս Փանոսեանին եւ կաթողիկոսութեան Միջեկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ՝ Նարեկ եպս Ալեէմէզեանին։

Արամ Ա կաթողիկոս բարձրօրէն գնահատելով երկու սրբազան հայրերուն նուիրումն ու ծառայութիւնը, ինչպէս նաեւ հայ գիրքին ու մշակոյթին նկատմամբ ցուցաբերած նախանձախնդրութիւնը՝ հայ մշակոյթի ամսուան առիթով կատարեց այս շնորհաբաշխումը։ Այս առիթով Արամ Ա կաթողիկոս յիշեցուց ներկայ բազմութեան, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը միշտ մօտ եղած է հայ գիրքին ու մշակութային մեր արժէքներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.