2010-11-02 13:08:39

2010-ը Հայ Կնոջ Տարին ։
Ե՞րբ եւ Ինչո՞ւ Մկրտել Մանուկը Եւ Հայ Մայրիկը։


Մեր նախորդ հաղորդումին վերջաւորութեան հակիրճ կերպով անդրադարձած էինք թէ քրիստոնեայ ծնողներու պարտականութիւնն է հետեւիլ եւ գործադրել մեր նախնեաց գեղեցիկ աւանդութիւնները, կրօնական բարեպաշտութիւնները, որոնք աւետարանական հիմք ունին եւ առաքելական օրէնքներու կանոնին վրայ հաստատուած են։ Հոն կը նշէինք անհրաժեշտութիւնն ու կարեւորութիւնը հօր ու մօր պարտականութիւններուն, թելադրելով ծնողներու, որ եթէ իրենց նորածինը տունէն դուրս պիտի հանեն առաջին անգամ, նախ պէտք է եկեղեցի տանին եւ Աստուծոյ ներկայութեան բերեն, յատուկ աղօթք կատարեն եւ գոհութիւն յայտնեն Աստուծոյ։ Եւ այս նորածին մանկան մը եթէ ոչ եօթնօրէքին, գոնէ քառասունքին առթիւ կատարեն եւ իրենց նորածին մանուկը եկեղեցի տանելէ չզրկեն։ Իսկ անոր մկրտութիւնը եթէ արգելիչ բացառիկ եւ հիմնաւոր պատճառներ չկան՝ տարին չբոլորած երեխան անպայման մկրտեն։
Չխօսող երեխան թէեւ անգիտակից է քրիստոնէական հաւատքի ուղղափառ դաւանութեան եւ անտեղեակ անոր ծիսական-արարողական կարգերուն եւ վարդապետական ուսուցումներուն, սակայն Քրիստոնեայ ծնողքի մը,քրիստոնեայ մօր մը պարտականութիւնն է իր նորածինը կնքել նկատի ունենալով հետեւեալ պատճառները
ա- Աշխարհ եկող մանուկ մը բնական է որ ժառանգէ իր ծնողաց ֆիզիքական, կազմախօսական թէ հոգեխօսական ծինային յատկանիշները, առաւել՝ նորածին մը կը ժառանգէ իր ծնողաց ազգանունը, անոնց ազային, մշակութային, ընտանեկան ինքնութիւնն ու կրօնական հոգեւոր պատկանելիութիւնը։ Հետեւաբար ծնողք, պարտաւոր են հոգալ իրենց զաւակներուն ոչ միայն մարմնաւոր այլեւ հոգեւոր պէտքերը։ Եւ այս ծիրին մէջ բնական է որ հայրեր եւ մայրեր այնպէս ինչպէս կը գուրգուրան, կը խնամեն եւ կը հոգան իրենց զաւակներուն ապրուստն ու հագուստը, զանոնք դպրոց կը ղրկեն եւ մայրենի լեզուն կը սորվեցնեն, նմանապէս շատ բնական է որ ծնողներ՝ իրենց զաւակները դաստիարակեն իրենց կրօնքով։

բ- Որով՝ հայրեր եւ մայրեր յանձնառու կ'ըլլան իրենց հաւատքով եւ կրօնքով մկրտելու իրենց զաւակները, ազգային եւ կրօնական արժէքներու կրթութեամբ դաստիարակելու։ Նոյնպէս եկեղեցին որպէս հոգացող հոգեւոր ծնող, նորածինները կամ անչափահաս մանուկները կը մկրտէ անոնց ծնողաց եւ կնքահօր հաւատքը ու փափաքը նկատի ունենալով, բայց մանաւանդ՝ նորածինին հոգեւոր փրկութիւնը երաշխաւորելու։ Այլ խօսքով՝ ծնողք եւ կնքահայր կը վկայեն, յանձնառու կգըլլան, եւ կը խոստանան եկեղեցւոյ աւազանէն երկրորդ եւ հոգեւոր ծնունդի եւ որդերութեան արժանացած ու քրիստոնեայ կոչում ստացած նորածինը կրթել քրիստոնէական հաւատքով, եւ հայեցի առողջ դաստիարակութիւն ջամբել։

գ- Խնամատար այս բոլոր զոհողութիւններն ու պատրաստակամ հոգածութիւնները հայրերուն, մայրերուն, կնքահօր թէ հարազատներուն, կամ թէ նոյնիսկ եկեղեցւոյ կողմէ մկրտութեան եւ դրոշմի խորհուրդներով երախային տրուած Ս Հոգւոյ ձրի պարգեւները շնորհքի եւ որդեգրութեան, որոնք մկրտեալ ու դրոշմուած երախային անշահախնդրօրէն կը տրուին ու պէտք է տրուին մինչեւ գիտակցական չափահաս տարիք, որմէ ետք՝ ան այլեւս ազատ է իր կրօնական-դաւանական համոզումներուն կամ ազգային պատկանելիութեան մէջ մնալո՞ւ թէ ուրիշ մը, օտար մը որդեգրելու։

դ- Հետեւաբար երախայի մը մինչեւ գիտակցական տարիք թեւակոխելը, ծնողաց ծանր պարտականութիւնն ու պատասխանատուութիւնը էապէս հոգատարութեամբ կը բնորոշուի։ Ֆիզիքական սնունդի, խնամքի, ուսման բայց մանաւանդ կրօնա-բարոյական արժէքներու փոխանցումը եթէ մնայուն եւ յարատեւողական ընթացք չունենան, յատկապէս՝ մկրտութեան եւ դրոշմի խորհուրդներու մատակարարումէն ետք եթէ մշտապէս չնորոգուին, չխնամուին, ստացուած շնորհքներն ու պարգեւները չկոփուին՝ կրնան թառամիլ, չորնալ եւ անպտղաբեր դառնալ։







All the contents on this site are copyrighted ©.