Վատիկանի Ռատիոկայանի Ընդհանուր Տնօրէն Հայր ֆէտէրիքօ Լոմպարտիի Խմբագրականը։
Սիւնոդոս մը տարբեր միւսերէն Ին՞չ պահանջենք, կը
ներկայացնէ սիւնոդոսական պատգամը Միջին արեւելքի կառավարիչներուն։ Որ քրիստոնեաները
՜՜կարողանան վայելել բոլոր քաղաքացիութեան իրաւունքները, խղճի եւ կրօնի ազատութեան
ու դաստիարակութեան ասպարէզէն ներս ազատութիւն եւ հաղորդամիջոցներու ազատ գործածութիւնը՝՝
որովհետեւ քրիստոնեաները եւս ՜՜բնիկ, հարազատ եւ հաւատարիմ՝՝ են իրենց երկրի հանդէպ
եւ իրենց պարտականութիւններուն՝՝։ Ին՞չ է կոչը որ պատգամը կ̓ ուղղէ միջազգային հասարակութեան։ Թէ
՜՜մենք կը դատապարտենք բռնութիւնը եւ ահաբեկչութիւնը եւ ոեւէ ծայրահեղ կրօնամոլութիւն։
Մենք կը դատապարտենք ամէն տեսակի ցեղապաշտ երեւոյթները, ըլլայ հակասեմական, կամ հակաքրիստոնէական
եւ մահմետականութենէ խորշում, եւ կոչ կ̓ ուղղենք կրօնապետերուն որ ստանձնեն պատասխանատուութիւնը
տարածելու՝ մշակոյթի եւ քաղաքակրթութեան երկխօսութեան քարոզչութիւնը մեր շրջանի եւ համայն
աշխարհի մէջ՝՝։ Հրեայ եւ Մահմետական ներկայացուցիչներու զեկուցումները արժանացան
սիւնոդոսական հայրերու ուշադրութեան եւ ծափահարութեան ։ Սիւնոդոսի անդամները արտայայտուեցան
ամենայն ազատութեամբ, ներկայացնելով իրենց եկեղեցական հասարակութիւններուն ապրած կացութիւնը։
Անշուշտ հաւաք մըն է ՜՜ խոր արմատներով հողամասի մը՝՝ որ լարուած ողբերգական վիճակի
ենթարկուած է , բայց այս նիստի եկեղեցական բնոյթը եւ կրօնական ու հոգեւոր շարժառիթը զայն
կը յեղաշրջեն եւ անոր կու տան նոր հեռանկար մը եւ նոր տեսողութիւն մը հիմնուած՝ յոյսի
վրայ որ կը ծնի մեր այս ապրած պատմութեան հաւատքէն։ Կը յուսանք որ՝ բոլորը անդրադառնան
այս իրողութեան եւ զայն ընդունին որպէսզի միջին արեւելքի սիւնոդոսը պտղաբեր ըլլա եւ պարգեւէ
՜՜ պտուղներ՝՝ ամենէն առաջ եկեղեցւոյ համար բայց նաեւ միջին արեւելքի մէջ ապրող բոլոր
ժողովուրդներուն անխտիր։