2010-11-01 13:17:01

Պաղտատի Մէջ Եկեղեցւոյ Մը Դէմ Ահաբեկչական Արարք
(24 մեռեալ եւ տասնեակ վիրաւորներ)


Պաղտատը անգամ մը եւս ահաբեկչական արարքի ենթարկուեցաւ։
Զինեալ խմբակ մը յարձակում կատարեց Ասորի Կաթողիկէ ՜՜Փրկութեան Տիրամայր՝՝ անուան եկեղեցւոյ դէմ, արեւանգելով տասնեակ հաւատացեալներ եւ քահանաներ։
Իրագի ապահովութեան զինւորները ներխուժելով սպաննած են 7 ահաբեկիչները բայց զինեալ բախումներու ընթացքին զոհ գացած են նաեւ 10 հաւատացեալներ եւ ուրիշ շատեր վիրաւորուած։
՜՜Ալ Պաղտատիա՝՝ հերուստատեսիլի կայանը յայտնած է թէ ահաբեկիչներու խմբակի պետէն հեռաձայն ստացած է, որուն մէջ ան կը խնդրէ որ ազատ արձակուին Ալ Գաիտայի բանտարկեալները։
՜՜Փրկութեան Տիրամայր՝՝ եկեղեցին Պաղտատի ամենամեծ հինգ եկեղեցիներէն մէկն է։ Իրաքի մէջ կ̓ ապրին մէկ ու կէս միլիոն քրիստոնեայ, 23 միլիոն քաղաքացիի վրայ։







All the contents on this site are copyrighted ©.