2010-11-01 13:12:08

Այսօր Նոյեմբեր 1-ին Կը Յիշատակուի Մարիամ Աստուածածնայ Վերափոխման Վարդապետութեան 60-ամեակը


Մարիամ Աստուածածնայ Վերափոխման վարդապետութեան 60-ամեակի առթիւ հոկտեմբեր 29-ին Հռոմի մէջ տեղի ունեցաւ համագումար մը ՜՜վերփոխեալ՝՝ տիտղոսով։ Աստուածածմայ Վերափոխումը կը յիշատակուի Ե. դարէն սկսեալ։
1950-ին՝ երջանկայիշատակ Պիոս ԺԲ. քահանայապետը զայն հռչակեց իբր ճշմարտութիւն հաւատքի։ Այս ճշմարտութիւնը հաստատելու համար, եկեղեցին կը հիմնուի Սուրբ Գիրքին եւ ծէսերու գրուածքներուն վրայ, ինչպէս նաեւ Քրիստոնեայ եկեղեցիներու հնագոյն աւանդութիւններու վրայ։ Այս աւանդութիւնը Հայ եկեղեցւոյ մէջ ալ շատ հին է։ Մեր հայրերը առած են զայն Երուսաղէմի եկեղեցիէն, երբ Ե. դարուն հայերենի թարգմանեցին անոր ճաշոց-տօնացոյցը։

Վերափոխման Շարական
Անթառամ ծաղիկ, անդատապարտ շարաւիղ,
Վերաբուսեալ արմատէն յիսսեան
Եսայի կանխաւ քեզ վերագոչեց
Եղար ընդունարան եօթնարփեան պարգեւներուն Հոգիին
Աստուածածին եւ կոյս, քեզ կը փառաւորենք։

Համեղաճաշակ պտուղի բանաւոր բարունակ,
Որմէ քաղուեցաւ մեզի ողկոյզն անսպառ,
Ուրախութիւն տրտմողներուն` ճաշակելով գիտութեան ծառէն. Սրբուհի անարատ
Ամէնքս քեզ կը փառաւորենք։







All the contents on this site are copyrighted ©.