2010-10-31 14:12:19

Սրբազան Քահանայապետին Միջամտութիւնը ՜՜Ռոմանօ Կուարտինի՝՝ Կոչուած Հիմնարկութեան Գիտաժողովին` Ծիսական Ապրումը Միշտ Եղած Է Հոգեւոր Թէ Մարմնական։


Իր գրասենեակին մէջ ընդունելով Ռոմանօ Կուարտինի կոչուած հիմնարկութեան 70 ժողովականները, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յիշեցուց թէ Ռոմանօ Կուարտինի (1885-1968) իտալացի փիլիսոփան եւ աստուածաբանը, միշտ նկատած է թէ ծիսակատարութեան ապրումը միշտ եղած է հոգեւոր թէ մարմնական։

Սրբազան Հայրը մատնանշեց որ ծիսակատարութեան խորհրդանշական ծաւալը պէտք է ըմբռնել որպէս հոգեւոր եւ նիւթական տարրերու միութեան օրինակ։

Նշենք թէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը մեծապէս ներշնչուած ու ազդուած է Ռոմանօ Կուարտինիի մտածողութենէն, մասնաւորապէս այն ինչ որ կը հայի ծիսակատարութեան։

Սրբազան Հօր համար, ծէսը իր գեղեցկութեամբ ու հարստութեամբ կը ցոլացնէ եկեղեցւոյ ներփակ ապրումը ու քրիստոնէական կեանքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.