2010-10-31 14:11:34

ՀԱՅ ԳԻՐՔԸ... Հոկտեմբեր Ամիսը Հայ Մշակոյթի Ամիս- Խոկումներ։


Հոգիին հացն է գիրքը եւ նոր անսուտ ուղենիշը, մարդէ մարդ նետուած կամուրջ է, յարաբերութիւն է ու միութիւն, եւ հետեւաբար զօրութեան ապահով առհաւատչեայ։

Գիրքին արժէքը անխորտակելի է ու մնայուն ո՛չ միայն իր ներգոյակ ուժին համար, այլ որովհետեւ անկողոպտելի է անիկա, անառիկ, ենթակայ չէ արտաքին ուժերու, ենթարկող զօրութիւն մը ունի աւելի։

Հայը ձեւով մը կը քաշքշէր իր գոյութիւնը, բայց սպառնալիքի տակ էր հայութիւնը։

Ու պատմական այդ պահուն ճնշումով ամէն ոք յաճախ ձգած են իրենց բոլոր հարստութիւնները եւ մագաղաթ մը փրկելով խոյս տուած են տունէն, նոր ապաստանարանին մէջ կառչելով նոյն այդ սրբութեան, մագաղաթին։

Պատահած է, որ հօրենական իբրեւ ժառանգութիւն որդիներէն մէկը ձեռագիրով մը բաւարարէ իր հոգին եւ հարստութիւններէն գերագոյնը ժառանգած ըլլալու բերկրանքով մը լեցնէ իր միւս օրերը։

Պատմութիւնը արձանագրած է նոյնիսկ, որ անզաւակ ամուսինները ահագին զոհողութիւններով գիրք մը որդեգրեն եւ անոր վրայ թափեն ծնողական իրենց ողջ գուրգուրանքը։

Ինչպէս կերեւի՝ պատմուածը արդէն գիրքի պատմութիւն չէ, այլ՝ ոգիի պատմութիւն է, ներքին ապրումներու դիւցազներգութիւն, ուր հայ գիրքը եւ մարդը գրեթէ կը շփոթուին իրարու հետ։ Եւ այդ է արդէն բուն ճշմարտութիւնը, ըսել կուզենք ինչպէս հայ գիրքը մօտ է հայ մարդուն սրտին, այնպէս ալ հայ մարդը ամբողջութեամբ ներկայ է հայ գիրքին մէջ։

Լոյս է հայ գիրքը, ու լոյսի պաշտամունքը խորթ չէ հայ մարդուն։

Աղօթք է հայ գիրքը, ու մեր հոգին հեռու չէ այդ մթնոլորտէն։

Տխրութիւն է ու վէրք հայ գիրքը, ու ատիկա հաշտ է մեր ճակատագրին հետ։

Բողոք է ու ըմբոստացում, ու հայ մարդուն էական յատկութիւններէն մէկն է ըմբոստացումը։

Սէր է տակաւին հայ գիրքը, խնճոյք է, բնութիւն է, երգ է, ու մեր ցեղային խառնուածքը խոտոր չի համեմատիր վայելքի այդ վիճակներուն։

Հայ գիրքը հայ մարդն է, հայ մարդը հայ գիրքն է, առանց մէկուն անըմբռնելի է միւսը, երկուքը միաձոյլ ամբողջութիւն մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.