2010-10-30 11:42:56

ՄԱԿ-ի Համաշխարհային Օրը Ազգային Գրադարանին Մէջ։


Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան համաշխարհային օրուան առիթով Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ, բացումը կատարուեցաւ խաղաղութիւնը եւ մարդասիրութիւնը խորհրդանշող մօտաւորապէս 50 միաւոր ցուցապաստառներէ բաղկացած ցուցահանդէսին։ Այնտեղ ներկայացուած են ՄԱԿ-ի պատմութիւնը եւ գործունէութիւնը պատմող գիրքեր՝ հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն տարբերակներով։
Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի տեղեկատուական գրադարանը ստեղծուած է 1995-ին։ Գրադարանը ունի մօտաւորապէս 6000 անուն գիրքեր, հանդէսներ, տեսաերիզներ, խտասկաւառակներ, ձայներիզներ՝ տարբեր լեզուներով, ինչպէս նաեւ՝ հարուստ պատկերներու արխիւ, որ կարտացոլացնէ ՄԱԿ-ի գործունէութիւնը։ Գրադարանը անհրաժեշտ տեղեկատուութեան աղբիւր է ո՛չ միայն ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակի աշխատակազմին, այլ նաեւ ընթերցողներուն համար։ Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի երկրորդ աւանդապահ գրադարանը Հայաստանի Ազգային գրադարանն է, որ ստեղծուած է 1997-ին, ՄԱԿ-ի հասարակական տեղեկատուութեան բաժանմունքի նուիրած հաւաքածուին հիման վրայ։ Ընթերցասրահին մէջ այսօր կը գտնուին ՄԱԿ-ի մօտաւորապէս 6700 միաւոր նիւթեր՝ գիրքեր, տեղեկատուներ, պարբերականներ, վիճակագրական նիւթեր, ինչպէս նաեւ՝ Համաշխարհային դրամատան աւանդապահ ֆոնտը։







All the contents on this site are copyrighted ©.